Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԴԱՄԱՍԿՈՍԻ ՄԷՋ ԹՈՒՐՔԻՈՅ, ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ ԱՐԱԲԻՈՅ ԵՒ ՔԱԹԱՐԻ ԴԵՍՊԱՆԱՏՈՒՆԵՐԸ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԻ ԵՆԹԱՐԿՈՒԵՑԱՆ. ՍՈՒՐԻՈՅ` ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԼԻԿԱՅԻ ԱՆԴԱՄԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՍԱՌԵՑՈՒԵՑԱՒ

November 14, 2011
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Արաբական լիկայի որոշումը դատապարտող բազմահազարանոց ցոյց` Դամասկոսի մէջ

Արաբ արտաքին գործոց նախարարները շաբաթ օր Գահիրէի մէջ գումարած իրենց ժողովին ընթացքին որոշեցին առկախել Սուրիոյ` Արաբական լիկայի անդամակցութիւնը, կոչ ուղղեցին արաբական երկիրներու դեսպանները հեռացնելու Դամասկոսէն, պահանջեցին բռնարարքները դադրեցնել եւ տողատակի ճանչցան սուրիական ընդդիմութիւնը: Որոշումին դէմ քուէարկեցին միայն Սուրիան, Լիբանանն ու Եմէնը, իսկ Իրաք ձեռնպահ մնաց: Նշենք, որ նախքան նախարարներու ժողովը, «Արապիա» եւ «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանները արդէն իսկ հաղորդած էին, որ նիստի ընթացքին Սուրիոյ անդամակցութիւնը առկախելու ուղղուածութիւն մը գոյութիւն ունի:

Քաթարի վարչապետ Համատ պըն Ժապըր պըն Ժասեմ Ալ Թանի նիստի աւարտին յայտարարեց, որ նկատի ունենալով, որ Սուրիա չէ յարգած արաբական նախարարական ծրագիրը անմիջապէս եւ ամբողջական կերպով կատարելու իր խոստումը, արաբ նախարարները որդեգրած են Սուրիոյ` Արաբական լիկայի անդամակցութիւնը առկախելու որոշում մը: Ան նշեց, որ Սուրիոյ անդամակցութիւնը առկախուած պիտի մնայ, մինչեւ որ անիկա գործադրէ արաբական ծրագիրը:

Որոշումը կոչ կ՛ուղղէ Սուրիոյ մէջ բռնարարքներու շարունակման պարագային սուրիական ընդդիմութեան հետ խորհրդակցաբար արիւնահեղութեան դադրեցման նպատակով դիմելու ՄԱԿ-ին, ինչպէս նաեւ լիկայի անդամներուն կոչ կ՛ուղղէ` Սուրիոյ դէմ տնտեսական եւ քաղաքական պատժամիջոցներ հաստատելու: Արաբ արտաքին գործոց նախարարները սուրիական ընդդիմութեան բոլոր հատուածները հրաւիրեցին Սուրիոյ մէջ յառաջիկայ փոխանցման հանգրուանին շուրջ միացեալ պատկերացում մը գոյացնելու նպատակով յառաջիկայ երեք օրերուն ընթացքին լիկայի Գահիրէի կեդրոնատեղիին մէջ հանդիպումի մը: Լիկան այդ ժողովին լոյսին տակ սուրիական ընդդիմութիւնը ճանչնալու շուրջ որոշում պիտի տայ: Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապի երէկ յայտարարեց, որ լիկան սուրիացի ժողովուրդը պաշտպանելու մեքանիզմ մը կը պատրաստէ:

Արաբական լիկային մօտ Սուրիոյ պատուիրակ Եուսոֆ Ահմետ, որ նիստին կը մասնակցէր փոխան Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մոալլեմի, յայտնեց, որ Սուրիոյ անդամակցութիւնը առկախելու որոշումը անօրինական է եւ լիկային անդամները ամբաստանեց միջազգային միջամտութիւն հրաւիրելու յանցանքով: Ան ըսաւ, որ Սուրիա կ՛անտեսէ այս որոշումը, եւ արաբական հասարակաց աշխատանքի մահը գուժեց: Ան ըսաւ, որ Սուրիոյ դէմ արաբական դաւ մը գոյութիւն ունի: Սուրիոյ պատուիրակը յայտարարեց, որ Արաբական լիկան վերածուած է արաբական, ազգային կամ ինքնին Արաբական լիկայի աշխատանքին չծառայող օրակարգերու վաւերացման վայրի: Ըստ տեղեկութեանց, ան նիստին ընթացքին արաբ նախարարներուն հասցէին վարկաբեկիչ արտայայտութիւններ ունեցած է:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա, ինչպէս նաեւ Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու մեծամասնութեան ղեկավարները ողջունեցին Սուրիոյ` Արաբական լիկայի անդամակցութեան առկախումը:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու ողջունեց որոշումը եւ յայտնեց, որ անիկա «ճիշդ քայլ մըն է եւ Թուրքիա կը զօրակցի այդ որոշումներուն»: Թուրքիա միջազգային ընտանիքին կոչ ուղղեց Սուրիոյ մէջ արիւնահեղութիւնը դադրեցնելու:

Սուրիոյ կառավարութենէն պատասխանատու աղբիւր մը սուրիական «Սանա» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ սուրիական ղեկավարութիւնը կ՛առաջարկէ սուրիական տագնապի լուծման եւ արաբական կացութեան վրայ անոր ժխտական ազդեցութեան քննարկման յատկացուած Արաբական լիկայի նիստ մը գումարել:

Սուրիոյ` Արաբական լիկայի անդամակցութեան առկախումը Սուրիոյ մէջ դիմաւորուեցաւ բողոքի ցոյցերով, որոնց ծիրին մէջ Դամասկոսի մէջ Թուրքիոյ, Սէուտական Արաբիոյ, Քաթարի եւ Լիպիոյ դեսպանատուները ցուցարարներուն կողմէ յարձակումի ենթարկուեցան, նշեալ դեսպանատուներէն այդ երկիրներուն դրօշները վար առնուեցան եւ անոնց տեղ բարձրացուեցաւ Սուրիոյ դրօշը, ինչպէս նաեւ Դամասկոսի Օմայատներու հրապարակին վրայ նստացոյց տեղի ունեցաւ: Իսկ Լաթաքիոյ մէջ Թուրքիոյ եւ Ֆրանսայի հիւպատոսարանները յարձակումի ենթարկուեցան:

Թուրքիա իր դեսպանատուներու անձնակազմի ընտանիքները եւ այդ անձնակազմի ոչ հիմնական անդամները հեռացուց Դամասկոսէն, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ բողոքի նամակ մը փոխանցեց:

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին իր մօտ կանչեց Փարիզի մէջ Սուրիոյ դեսպանը` բողոքելու համար Լաթաքիոյ մէջ իր հիւպատոսարանին դէմ կատարուած յարձակումին դէմ:

Նախորդը

ՊԵՐԼՈՒՍՔՈՆԻ ՀՐԱԺԱՐԵՑԱՒ. ԹԵՔՆՈՔՐԱԹ ՄՈՆԹԻ ԱՌԱՋԱԴՐՈՒԵՑԱՒ ԻԲՐԵՒ ՎԱՐՉԱՊԵՏ

Յաջորդը

ԻՐԱՆԻ ՄԷՋ ՊԱՅԹՈՒՄ ՄԸ 27 ԶՈՀ ԿԸ ՊԱՏՃԱՌԷ

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.