Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն Ընդունեց Նախարար Կիտանեանն Ու Լիբանանի Գեղեցկուհին

March 2, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանը` ընկերակցութեամբ Լիբանանի գեղեցկուհի Փերլա Հըլուի:

Հանդիպումին ընթացքին Հըլու նախագահ Աունին ներկայացուց իր ծրագիրը, որ կը կեդրոնանայ լիբանանցի կնոջ եւ անոր իրաւունքներուն պաշտպանութեան, ինչպէս նաեւ կենսոլորտի պահպանումին եւ մարդասիրական ու զբօսաշրջական նախաձեռնութիւններ մշակելու վրայ:

Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն Հըլուին յաջողութիւն մաղթեց` նկատել տալով, որ անոր դերակատարութիւնը անհրաժեշտ է Լիբանանը, անոր զբօսաշրջութիւնը եւ քաղաքակրթութիւնը ծանօթացնելու իմաստով, յատկապէս միջազգային ատեաններուն մէջ:

Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Պրունօ Ֆուշէն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան-ֆրանսական յարաբերութիւնները եւ զանոնք ամրապնդելու կարեւորութիւնը:

Ֆուշէ նախագահ Աունին ըսաւ, թէ Լիբանանի տնտեսական օժանդակութեան նպատակով տեղի ունենալիք «Սետր»-ի խորհրդաժողովը տեղի պիտի ունենայ 6 ապրիլ 2018-ին, Փարիզի մէջ:

Ան աւելցուց, որ խորհրդաժողովին նախապատրաստող հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ 26 մարտին, Փարիզի մէջ:

Ֆուշէ նշեց նաեւ, որ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն առկախած է ապրիլի կիսուն Իրաք եւ Լիբանան իր կատարելիք շրջապտոյտը` աւելցնելով, որ Մաքրոնի Լիբանան այցելութիւնը չեղեալ չէ նկատուած, սակայն անոր նոր թուականը հետագային պիտի ճշդուի:

Պաապտայի այցելուներէն եղաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մոհամետ Ֆաթհալին, որուն ընկերակցեցաւ դեսպանատան գործավար Մոհամետ Սատեք Ֆատլին:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ զանոնք ամրապնդելու հեռանկարները:

Հանդիպումի աւարտին Ֆաթհալի շեշտեց, որ Իրանի նախագահը բարձր կը գնահատէ նախագահ Աունի իմաստուն մօտեցումը` Լիբանանի հարցերը լուծելու եւ երկիրը բարեկարգելու առումով:

Ֆաթհալի նշեց, որ Իրանի նախագահը կ՛ողջունէ տարբեր մարզերու մէջ նախագահ Աունի իշխանութեան իրագործած նուաճումները:

Նախորդը

Պըրրի Բրիտանիոյ Դեսպանին Հետ Քննարկեց Երկկողմանի Յարաբերութիւնները

Յաջորդը

Մամետեարով. «Մենք Կը Փափաքինք Բանակցութիւնները Աշխուժօրէն Շարունակել»

RelatedPosts

Սալամ. «Լիբանանը Թմրեցուցիչներու  Մաքսանենգման, Դրամ Լուալու Կամ Որեւէ Ապօրինի  Գործունէութեան Միջանցք Պիտի Չըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ. «Լիբանանը Թմրեցուցիչներու Մաքսանենգման, Դրամ Լուալու Կամ Որեւէ Ապօրինի Գործունէութեան Միջանցք Պիտի Չըլլայ»

November 2, 2026
«Նախագահի Ընտրութեան Խնդիրը Անոր  Ինքնութեան Շուրջ Է, Եւ Առանց Ազգային Ինքնութեան  Կշիռ Ունեցող Նախագահ Մը Կարելի Չէ Ընդունիլ»  Կ՛ըսէ Շէյխ Քապալան
Լիբանանեան

Շէյխ Քապալան. «Լուծումը Ժողովրդային Լայնածաւալ Բողոքի Մէջ Է` Պատասխանատուութեան Ենթարկելու Լիբանանի Գոյութեան Սպառնացող Խմբակը»

November 2, 2026
Անդրադառնալով Տահր Պայտարի  Պայթուցիկ Նիւթերու Հարցին`  Հաժ Հասան. «Մեղադրանքը Անիրաւ Է  Եւ Հիմնուած Քաղաքական Թելադրանքներու Վրայ»
Լիբանանեան

Անդրադառնալով Տահր Պայտարի Պայթուցիկ Նիւթերու Հարցին` Հաժ Հասան. «Մեղադրանքը Անիրաւ Է Եւ Հիմնուած Քաղաքական Թելադրանքներու Վրայ»

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.