Փոխվարչապետ, առողջապահութեան նախարար Ղասսան Հասպանի երէկ կէսօրէ ետք ժամը 2:30-ին, վարչապետարանին մէջ նախագահեց 2018-ի պետական ամավարկի քննարկման նիստին, որուն ներկայ գտնուեցան նախարարներ Աւետիս Կիտանեան, Ալի Հասան Խալիլ, Մարուան Համատէ, Մոհամետ Ֆընէյշ, Ռաէտ Խուրի, Եուսեֆ Ֆընիանոս, Միշել Ֆարաոն եւ Փիեռ Ապու Ասի, ինչպէս նաեւ նախարարաց խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Ֆուատ Ֆլայֆել:
Նիստէն ետք ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ յայտնեց, որ 2018-ի պետական ամավարկի քննարկումը շարունակուած է նոյն սկզբունքով` նախարարութիւններուն պիւտճէները սեղմումի ենթարկելու քաղաքականութեամբ:
Խալիլ յայտնեց, որ պետական ամավարկի քննարկումը պիտի շարունակուի երկուշաբթի, 5 մարտ 2018-ին:
Պատասխանելով լրագրողներու հարցումներուն` Ալի Հասան Խալիլ ընդգծեց, որ կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման, ինչպէս նաեւ ընկերային հարցերու նախարարութիւններուն պարագային եւս կարելի եղածին չափ սեղմում կատարուած է` իւրաքանչիւր նախարարութեան պիւտճէին վերաբերեալ:
Միւս կողմէ, վարչապետարանէն մեկնումի պահուն նախարար Մարուան Համատէ յայտնեց, որ ինք կը մերժէ նախարարութեան պիւտճէն սեղմումի ենթարկել:



