Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զօր. Աուն. «Պատրաստ Ենք Հարաւային Լիբանանի Սահմաններուն Վրայ` Իսրայէլեան Որեւէ Պատերազմի Դիմադրելու»

March 2, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն երէկ այցելեց Ռաս Պէյրութի մէջ գտնուող լիբանանեան բանակի արագ միջամտութեան Գ. ջոկատի կեդրոնը, ուր շեշտեց, որ հարաւային Լիբանանի սահմաններուն վրայ բանակը պատրաստ է դիմադրելու Լիբանանի դէմ սանձազերծուելիք որեւէ պատերազմի:

Զօր. Աուն շեշտեց, որ Իսրայէլի կողմէ լիբանանեան ցամաքային թէ ծովային տարածքներ բռնագրաւելու որեւէ փորձ ձախողութեամբ պիտի պսակուի:

«Լիբանանեան բանակը հսկայ կամք ունի լիբանանեան իրաւունքները պաշտպանելու` իր բոլոր միջոցներով եւ կարելիութիւններով, ինչքան ալ սուր հնչեն թշնամի Իսրայէլին սպառնալիքներն ու անոր պատճառած ընդվզումները», հաստատեց ան:

Զօր. Աուն յայտնեց, որ բանակը կը շարունակէ հետապնդել եւ կազմաքանդել ահաբեկչական քնացած բջիջները, ամրապնդել ներքին լիբանանեան կայունութիւնը, ինչպէս նաեւ պայքարիլ կազմակերպուած ոճիրներուն դէմ` զանոնք կանխարգիլելու նպատակով:

Զօր. Աուն ընդգծեց, որ բանակը կը պատրաստուի երեսփոխանական ընտրութիւնները կայացնելու կատարեալ ապահովութեան եւ կայունութեան մթնոլորտի մէջ` հաստատելով, որ բանակը քաղաքական բոլոր ուժերէն նոյն հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի: «Հետեւաբար բանակը իր առաքելութիւնը պիտի կատարէ` հեռու քաղաքականութենէ, անկողմնակալութեամբ եւ կարգապահութիւնը պահպանելով», ըսաւ ան:

Զօր. Աուն շեշտեց, որ բանակը պիտի պահպանէ քաղաքացիին վստահութիւնը եւ հայրենիքը պաշտպանելու առումով անվարան պիտի ստանձնէ իր պատասխանատուութիւնները` պահպանելով Լիբանանի ապահովութիւնն ու կայունութիւնը:

 

Նախորդը

Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան. «Ելեկտրականութեան. Վերաբերող Առաջարկները Կ՛արժէ Ներկայացնել Նուազուրդի Պետական Վարչութեան»

Յաջորդը

Ղասսան Հասպանիի Նախագահութեամբ 2018-ի Պետական Ամավարկի Քննարկումը Շարունակուեցաւ

RelatedPosts

Սալամ. «Լիբանանը Թմրեցուցիչներու  Մաքսանենգման, Դրամ Լուալու Կամ Որեւէ Ապօրինի  Գործունէութեան Միջանցք Պիտի Չըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ. «Լիբանանը Թմրեցուցիչներու Մաքսանենգման, Դրամ Լուալու Կամ Որեւէ Ապօրինի Գործունէութեան Միջանցք Պիտի Չըլլայ»

November 2, 2026
«Նախագահի Ընտրութեան Խնդիրը Անոր  Ինքնութեան Շուրջ Է, Եւ Առանց Ազգային Ինքնութեան  Կշիռ Ունեցող Նախագահ Մը Կարելի Չէ Ընդունիլ»  Կ՛ըսէ Շէյխ Քապալան
Լիբանանեան

Շէյխ Քապալան. «Լուծումը Ժողովրդային Լայնածաւալ Բողոքի Մէջ Է` Պատասխանատուութեան Ենթարկելու Լիբանանի Գոյութեան Սպառնացող Խմբակը»

November 2, 2026
Անդրադառնալով Տահր Պայտարի  Պայթուցիկ Նիւթերու Հարցին`  Հաժ Հասան. «Մեղադրանքը Անիրաւ Է  Եւ Հիմնուած Քաղաքական Թելադրանքներու Վրայ»
Լիբանանեան

Անդրադառնալով Տահր Պայտարի Պայթուցիկ Նիւթերու Հարցին` Հաժ Հասան. «Մեղադրանքը Անիրաւ Է Եւ Հիմնուած Քաղաքական Թելադրանքներու Վրայ»

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.