Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ երէկ նախագահեց պլոքի ընթացիկ նիստին, որուն ընթացքին պլոքը խստիւ դատապարտեց երեսփոխանական ընտրութիւններուն գծով արձանագրուելիք արտաքին որեւէ միջամտութիւն:
Պլոքը շեշտեց, որ ընտրակաշառքն ու քաղաքական գրգռութիւնները ոչ մէկ կերպով պիտի յաջողին քուէարկող քաղաքացիներուն համոզումը շեղել Դիմադրութենէն:
Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքը կոչ ուղղեց կառավարութեան վաւերացնելու 2018-ի պետական ամավարկը եւ զայն ներկայացնելու խորհրդարանին: Պլոքը անհրաժեշտ նկատեց ելեկտրականութեան վերաբերող թղթածրարները ներկայացնել նուազուրդի պետական վարչութեան:
Պլոքը դատապարտեց Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի կողմէ ամերիկեան դեսպանատունը մայիսի կիսուն Երուսաղէմ փոխադրելու որոշումը` շեշտելով, որ Թրամփի խոստումը նուազ վնասակար պիտի չըլլայ Պալֆուրի խոստումէն:


