Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը տարածած է յայտարարութիւն մը` շեշտելով, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ Սուրիոյ մէջ միամսեայ զինադադարի մասին որոշումը կը վերաբերի նաեւ Աֆրինին, ուր իր զինուորական գործողութիւնը կը շարունակէ թրքական բանակը: Այս մասին կը գրէ գերմանական «Տէօչէ Վելլէ» պատկերասփիւռի կայանի թրքական ծառայութիւնը:
Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը կոչ ուղղած է Թուրքիոյ կատարելու ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի որոշումն ու դադրեցնելու Սուրիոյ հիւսիսը իր զինուորական գործողութիւնները:
Յիշեցնենք, որ նախապէս Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Հետըր Նոուըրթ եւս յայտարարած էր, թէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի որոշումը կը վերաբերի նաեւ Աֆրինին, եւ խորհուրդ տուած էր Թուրքիոյ առաւել ուշադիր կարդալու գոյութիւն ունեցող փաստաթուղթը: Ատկէ ետք Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը Ուաշինկթընը մեղադրած էր Ապահովութեան խորհուրդի որոշումը խեղաթիւրելու յանցանքով:
Թուրքիոյ փոխվարչապետ, կառավարութեան բանբեր Պաքըր Պոզտաղ երէկ շեշտեց. «ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին` Սուրիոյ մէջ միամսեայ զինադադար հաստատելու վերաբերեալ որոշումը պիտի չազդէ թրքական «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութեան վրայ, որովհետեւ Անգարայի գնահատականին համաձայն, անոր չի վերաբերիր»` աւելցնելով, որ իրականութեան մէջ ամերիկացիներուն համար օգտակար պիտի ըլլայ որոշումը աւելի ուշադիր կարդալը:
Գերմանիոյ Քաղաքական Գործիչները Քննադատած Են Թուրքիան`
Աֆրինի Գործողութիւնը Չդադրեցնելու Համար
Գերմանացի շարք մը քաղաքական գործիչներ քննադատած են Թուրքիոյ իշխանութիւնները` Աֆրինի մէջ զինուորական գործողութիւնը չդադրեցնելու համար: Այս մասին կը հաղորդէ գերմանական «Տէօչէ Վելլէ»-ի թրքական ծառայութիւնը:
Քրիստոնեայ-ժողովրդավարական միութենէն երեսփոխան Ռոտերիխ Քիզեւեթեր յայտարարած է, որ Թուրքիոյ գործողութիւնները դէմ են միջազգային իրաւունքի արժեչափերուն, եւ ատիկա իրենց համար անընդունելի է: Ան շեշտած է, որ եթէ Թուրքիան չփոխէ այդ դիրքորոշումը, Եւրոպական միութեան Մաքսային միութեան համաձայնագիրի վերանորոգումը անկարելի պիտի ըլլայ:
Կանաչներու կուսակցութենէն Քաթիա Քէուլ իր կարգին շեշտած է, որ Թուրքիան պարտաւոր է հաշուի նստիլ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի` Սուրիոյ մէջ միամսեայ զինադադարի հաստատման որոշումին հետ:
Ըստ անոր, Գերմանիոյ իշխանութիւնները այս հարցին մէջ բաւականաչափ կարծր չեն Թուրքիոյ նկատմամբ, մինչդեռ Գերմանիան պէտք է դադրեցնէ այդ երկրին զէնքի վաճառքը, որովհետեւ այդ նոյն զէնքը այսօր կ՛օգտագործուի Աֆրինի մէջ` նաեւ խաղաղ բնակչութեան դէմ:
Ազատ ժողովրդավարական կուսակցութենէն երեսփոխան Պիճան Ճիր-Սարայ Գերմանիոյ կառավարութեան ու ՕԹԱՆ-ի պատասխանատու յանձնախումբերուն կոչ ուղղած է` դատապարտելու Թուրքիոյ գործողութիւնները: Ան ընդգծած է, թէ այնքան ատեն որ Թուրքիան չէ քաշուած Աֆրինէն, Գերմանիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ համագործակցութիւնը անկարելի է:



