Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Սկաուտական Խորհուրդին Եւ Խմբապետութեան Երկամեայ Ծրագիրի Մշակման Հանդիպում

March 2, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային սկաուտական խորհուրդին եւ Շրջանային խմբապետութեան երկամեայ ծրագիրի մշակման հանդիպումը տեղի ունեցաւ կիրակի, 25  փետրուար 2018-ին, Զահլէի հայ կեդրոնին մէջ:

Երկամեայ ծրագիրի մշակման մեկնակէտը եղաւ 100-ամեակը: Առաջին հերթին խօսք առաւ Շրջանային  վարչութեան անդամ  Յակոբ Չպլաքեան,  որ ներկայացուց աշխատանքը ընդհանուր գիծերու մէջ,ապա հրաւիրեց օրուան դասախօսը Վաչէ Նաճարեանը` ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ, որպէսզի ներկայացնէ օրուան նիւթը` ՀՄԸՄ Շրջանային սկաուտական կառոյցը Լիբանանի մէջ, դերը, ըստ ծրագիր-կանոնագիրի, եւ գործելակերպը:

Ան նիւթը ներկայացուց հարցադրումներ կատարելով, ինչ որ աւելի հետաքրքրական եւ հաղորդական դարձուց դասախօսութիւնը: Իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ ՀՄԸՄ-ի միաւորներու անմիջական պարտականութիւններու եւ պարտաւորութիւններու` ըլլայ Շրջանային սկաուտական խորհուրդին, ըլլայ Շրջանային  խմբապետութիւն: Բոլորը մասնակցեցան նիւթին, տուին կարծիքներ, արտայայտեցին տեսակէտներ, ինչպէս նաեւ իրենց հարցումները ուղղելով լուսաբանական պատասխաններ ստացան:  Աւարտին Շրջանային սկաուտական խորհուրդի ատենապետ Ալին Քեչեպաշեան շնորհակալութիւն յայտնեց Վաչէ Նաճարեանին:

Ապա տեղի ունեցաւ կարճ դադար եւ հիւրասիրութիւն` պատրաստուած Զահլէի Հայ կեդրոնի պատասխանատուներուն կողմէ:

Երկրորդ բաժինով Շրջանային խմբապետութիւնը առանձնացաւ եւ ընդհանուր գիծերու մէջ մշակեց երկամեայ ծրագիր-յայտագիր, որուն վաւերացումէն ետք Շրջանային սկաուտական խորհուրդէն ընթացք պիտի առնեն աշխատանքները: Ապա մասնակցողները միասնաբար ճաշեցին ու վերադարձան Պէյրութ` շնորհակալութիւն յայտնելով Զահլէի Հայ կեդրոնի  պատասխանատուներուն, որոնք սիրայօժար տրամադրեցին Հայ կեդրոնը այս աշխատանքին համար:

ԹՂԹԱԿԻՑ

Նախորդը

«Լիբանանեան-Իրանեան Յարաբերութիւններն Ու Գործակցութեան Հեռանկարները` Մշակութային Եւ Տնտեսական Բնագաւառներուն Մէջ» Խորագիրով Լսարան

Յաջորդը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Եղբայր Ենք Մենք (Ի Յիշատակ Ընկ. Յարութիւն Հալէպլեանի)

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.