9-18 մարտին Հարաւային Քորէայի Փիոնկ Չիանկ քաղաքին մէջ տեղի պիտի ունենան ձմեռնային 12-րդ փարալիմփիք խաղերը:
Հայաստանի ազգային փարալիմփիք կոմիտէի նախագահ Յակոբ Աբրահամեան երէկ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին լրագրողներուն ըսաւ, որ Հայաստանի մէջ Չեխիոյ դեսպանատունը մուտքի արտօնագիր չէ տուած Սասուն Յակոբեանին:
Ան ըսաւ, թէ ներկայ դրութեամբ Հայաստան այդ խաղերուն պիտի մասնակցի միայն մէկ մարզիկով` Սթասիկ Նազարեան, որ հանդէս պիտի գայ դահուկավազքի 1 քմ սփրինթ մրցաձեւին մէջ:
Նշենք, որ Նազարեան Չեխիա պիտի մեկնէր` մասնակցելու համար փարալիմփիք խաղերուն վարկանշային մրցաշարքին:



