Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտ երէկ այցելեց Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն, հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային քաղաքական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ ամերիկեան դեսպանատան եւ Ընդհանուր ապահովութեան ուժերուն միջեւ յարաբերութիւնները:
Ռիչըրտ այցելեց նաեւ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան-ամերիկեան յարաբերութիւններն ու Լիբանանի եւ շրջանի ներկայ իրավիճակը:



