Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռուստամեան. «Հարցը Քաղաքական Առումով Եւ Մնացած Բոլոր Գործընթացներով Աւարտած Է»

February 27, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրաւաբանական վէճ է, պարապ ժամանակի զբաղմունք. «Թերթ»-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին նման տեսակէտ յայտնեց ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան` անդրադառնալով Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւններուն շուրջ ստեղծուած սահմանադրական խառնաշփոթին, որուն հարցով Ելք դաշինքի խմբակցութիւնը յայտարարած էր, թէ խմբակցութեան իրաւաբանները կը պատրաստուին դիմել Սահմանադրական դատարան` պահանջելով հակասահմանադրական ճանչնալ Ազգային ժողովի կանոնակարգի այն դրոյթները, որոնցմով կը նախատեսուի հանրապետութեան նախագահ ընտրել Ազգային ժողովին մէջ:

Ելքը կ՛առաջարկէր երկրի չորրորդ նախագահի ընտրութիւններ կատարել համաժողովրդական քուէարկութեամբ: Նշենք սակայն, որ Սահմանադրական դատարան դիմելու համար անհրաժեշտ է Ազգային ժողովի 21 պատգամաւորի ստորագրութիւն: Մինչդեռ Ծառուկեան  խմբակցութիւնը 25 փետրուարին յայտարարեց, թէ կողմ պիտի քուէարկէ  Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնին Արմէն Սարգսեանի թեկնածութեան, ինչ որ կը նշանակէ, որ Ելքը չի կրնար հաւաքել անհրաժեշտ քանակով ստորագրութիւնները եւ դիմել Սահմանադրական դատարան:

«Իրաւաբաններէն 2-ը եթէ հակասահմանադրական ճանչցած են, 10-ն ալ լրիւ հակառակ պնդումը ներկայացուցած են, այնպէս որ կրնան անընդհատ վիճիլ այս հարցերուն շուրջ, բայց ճիշդ կ՛ընեն երթան եւ  ակադեմիաներուն մէջ այդ խնդիրները լուծեն, քանի որ հարցը քաղաքական առումով եւ բոլոր մնացած գործընթացներով աւարտած է»,  ըսաւ Արմէն Ռուստամեան:

Ռուստամեան շեշտեց, որ ինք իրաւաբան չէ, բայց շատ պարզ տրամաբանութիւն կը գործէ Ազգային ժողովին կողմէ նախագահ ընտրելու կարգին մէջ, ինչ որ յստակօրէն կը սահմանուի նոր Սահմանադրութեան մէջ:

«Նոր լիազօրութիւններով նախագահը ե՞րբ պէտք է ըլլայ, երբ ան  ստանձնէ իր պարտաւորութիւնները գործող նախագահի լիազօրութիւններու աւարտման օրը, իսկ գործող նախագահի լիազօրութիւնները կ՛աւարտին 9 ապրիլին, մենք նո՞յն օրը պէտք է ընտրութիւն ընենք, որ ամէն ինչ բնական ըլլայ: Մինչ այդ նախագահը պէտք է ընտրուի չէ՞, որ անցնի իր պաշտօնավարման, այդպէս եղած է  նաեւ նախապէս», ըսաւ ան:

Արմէն Ռուստամեան յիշեցուց, որ մինչեւ նոր նախագահի պաշտօնի ստանձնումը ընտրութիւն կ՛ըլլայ, կ՛ընտրեն նոր նախագահը, սակայն քանի տակաւին գործող նախագահը իր պաշտօնավարման ժամկէտը չէ  աւարտած, գործող նախագահի լիազօրութիւնները տակաւին կը գործեն:

«Այստեղ ալ նոյն տրամաբանութիւնը կը գործէ: Հիմա մենք պէտք է պատրաստուինք 9 ապրիլին, որ պէտք է ըլլայ նոր նախագահի պաշտօնավարման եւ երդման արարողութեան օրը: Ինչպէ՞ս ընենք, մինչ այդ չընտրե՞նք», ըսաւ ան եւ եզրափակեց, որ եղած է սահմանադրական փոփոխութիւններու հանրաքուէ եւ անոնց կողմ քուէարկելով ժողովուրդը որոշած է, որ նախագահի ընտրութիւնը պէտք է կազմակերպուի Ազգային ժողովին կողմէ: «Սահմանադրական դատարան դիմողները տեղեակ չե՞ն, որ Սահմանադրութիւնը փոխուած  է», նշեց Ռուստամեան:

 

 

Նախորդը

Եգիպտական Խորհրդարանի Անդամներ Կ՛արծարծեն Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Հարցը

Յաջորդը

Սումկայիթ. Չդատապարտուած Ցեղասպանութիւն

RelatedPosts

Ակնարկ.  Հորմուզ, Պապ Մանտեպ Եւ Ռուս-Ամերիկեան  Ուժանիւթային Խորհրդակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Հորմուզ, Պապ Մանտեպ Եւ Ռուս-Ամերիկեան Ուժանիւթային Խորհրդակցութիւններ

October 6, 2026
Լիբանանի Հանրապետութեան Նախագահ  Զօրավար Ժոզեֆ Աուն Այցելեց  Արամ Ա. Կաթողիկոսին
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Հանրապետութեան Նախագահ Զօրավար Ժոզեֆ Աուն Այցելեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին

October 6, 2026
«Իմացէք, Որ Եթէ Իրանի Դէմ Նոր Պատերազմ  Ծագի, Անոր Բոցերը Բոլորին Պիտի Հասնին»  Շեշտեց Զօր. Ապտելլահի
Գլխաւոր լուրեր

«Իմացէք, Որ Եթէ Իրանի Դէմ Նոր Պատերազմ Ծագի, Անոր Բոցերը Բոլորին Պիտի Հասնին» Շեշտեց Զօր. Ապտելլահի

October 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.