Իրաքի դատարանը Թուրքիոյ առնուազն 15 քաղաքացիներ կախաղանի միջոցով մահապատիժի դատապարտած է ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական խմբաւորման գործողութիւններուն մեղսակից ըլլալնուն համար: «Արմէնփրես» կը նշէ, թէ այս մասին կը հաղորդէ «Պի.Պի.Սի.»-ն:
Որոշ աղբիւրներու համաձայն, դատարանը 16 կիներ դատապարտած է ցկեանս բանտարկութեան: Դատապարտեալները խոստովանած են, որ օգնած են ահաբեկիչներու յարձակումներ նախապատրաստելու կամ ամուսնացած են խմբաւորման անդամներու հետ: Անոնք 20-էն 50 տարեկան են: Պաղտատի դատարանին մէջ անոնք յայտնուած են սեւ զգեստներով, չորս հոգիի գիրկը երեխաներ եղած են:
Իրաքի մէջ ՏԱՀԵՇ-ի հետ կապերու կասկածով ձերբակալուած են առնուազն 560 կիներ եւ 600 երեխաներ: Անոնցմէ քանի մը հարիւրը այժմ կը դատուի:



