Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեսրոպեան Վարժարանին Մէջ Նշուեցաւ Սրբոց Վարդանանց Տօնը

February 27, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի աշակերտութիւնը արժանաւորապէս նշեց Սրբոց Վարդանանց տօնը` վերանորոգելով իր ուխտը` հաւատարիմ մնալու հայրենիքի եւ հաւատքի պաշտպանութեան անոնց կտակին:

Մեսրոպեանի աշակերտները, ըստ բաժանմունքներու, առանձին չորս հանդիսութիւններով ոգեկոչեցին Աւարայրի հերոսներուն յիշատակը` անոնց նուիրուած գեղարուեստական ելոյթներով, մինչ բանախօսները հանդէս եկան պատգամներով, յատկապէս շեշտելով տօնին այժմէական նշանակութիւնը` նոր սերունդին համար:

Տօնին նուիրուած աշակերտական կատարումները յատկանշուեցան անմիջականութեամբ եւ բծախնդիր պատրաստութեամբ, ուր նաեւ պատասխանատու ուսուցիչներուն կատարած աշխատանքը ակներեւ դարձաւ:

Տարրականի աշակերտներուն յաւուր պատշաճի խօսք ուղղեց վարժարանի անձնակազմի անդամ Իզապէլ Լեւոնեանը, նախակրթարանի եւ միջնակարգի աշակերտներուն` Մարալ Հարպոյեանը, իսկ երկրորդականի աշակերտներուն` մանկավարժ Սրբուհի Ճենանեանը: Անոնք  բացատրեցին Աւարայրի ճակատամարտի պատմական պայմաններն ու անոր նշանակութիւնը` հայ ժողովուրդին համար: Բանախօսները անդրադարձան մշակութային այլասերումին եւ ազգային հարցերուն հանդէպ անտարբերութեան, որոնք վտանգի կ՛ենթարկեն հայութիւնը եւ որոնց նկատմամբ պէտք է նոյն քաջութեամբ, գիտակցութեամբ ու հաւատքով ծառանալ, ինչպէս Վարդանանք դիմագրաւեցին յազկերտեան վերջնագիրը:

Բոլոր հանդիսութիւններուն եզրափակիչ խօսքով հանդէս եկաւ Մեսրոպեանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստը, որ դիտել տուաւ, թէ ի տարբերութիւն բազմահազար հայ մանուկներու եւ պատանիներու, աշխարհի ամբողջ տարածքին, Մեսրոպեանի նման հայկական վարժարաններու աշակերտները պէտք է բախտաւոր եւ հպարտ զգան, որ կ՛ապրին հայօրէն` խօսելով, երգելով եւ ասմունքելով իրենց հայրերու լեզուով, որուն պաշտպանութեան համար Վարդանանք զոհուեցան: Ան կոչ ուղղեց աշակերտներուն, որ ոչ միայն այս արժէքները յաւերժ ապրեցնեն իրենց մէջ, այլ նաեւ տարածողները ըլլան այդ արժէքներուն, յատկապէս` հայութենէն մեկուսացած իրենց տարեկիցներու շրջանակին մէջ:

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (27 Փետրուար 1968)

Յաջորդը

Սպաննէք Ներքին Վախերը

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.