Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պըրրի. «Ես Բէկի Զաւակ Չեմ, Բէկ Չեմ, Իսկ Զաւակս Ալ Չի Փափաքիր Բէկ Դառնալ»

February 26, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի շաբաթ օր խորհրդարանին մէջ ընդունեց Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի ուսանողներուն մէկ պատուիրակութիւնը, որուն յայտնեց, թէ կարելի չէ մէկ հանդիպումի ընթացքին բացատրել կամ անդրադառնալ խորհրդարանի վերահսկողական եւ օրէնսդրական դերակատարութեան:

Ան կոչ ուղղեց ուսումնասիրելու Լիբանանի որդեգրած համախոհական ժողովրդավարութիւնը, որ կը նպաստէ Լիբանանի կողմէ բռնագրաւումին դիմադրելու:

Պըրրի նշեց, որ խորհրդարանը ՄԱԿ-ի փոքրացուած մէկ տարբերակն է, որ կ՛ընդգրկէ տարբեր համայնքներու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ քաղաքական ուժեր:

Խորհրդարանի նախագահը շեշտեց, որ Լիբանան բնական կազ եւ նաւթ ունի` աւելցնելով, որ անիկա ամէն իմաստով իր իրաւունքները պիտի պահպանէ: Պըրրի շեշտեց, որ համամասնական ընտրական օրէնքին վաւերացումով կը նախատեսուի խորհրդարանին մէջ լիբանանցիներուն աւելի արդար ներկայացուցչութիւն ապահովել:

Ան հաստատեց, որ պէտք է յարգել երկրին սահմանադրութիւնն ու անոր պարտադրած ժամկէտները:

Պըրրի կոչ ուղղեց ժողովրդավարական միջոցներով սահմանադրական ինթիֆատա մը իրագործելու, ինչպէս նաեւ երեսփոխանական ընտրութիւններէն ետք ընտրական օրէնքը բարեփոխելու:

Անդրադառնալով սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին` Պըրրի յայտնեց, որ այդ թղթածրարին լուծումը պէտք է ըլլայ միասնական, որուն լոյսին տակ երկրին քաղաքական բոլոր ուժերը պէտք է համաձայնին սուրիացի տեղահանուածները Սուրիա վերադարձնել:

Պըրրի կոչ ուղղեց Լիբանանի մէջ երեսփոխանական ընտրութիւններուն մասնակցելու տարիքը 21-էն 18-ի վերածելու` յայտնելով, որ ամբողջ աշխարհին մէջ ընտրութիւններուն մասնակցելու տարիքը 18-ն է:

Ան շեշտեց, որ ինք բէկի զաւակ չէ, բէկ չէ եւ ոչ ալ իր զաւակը կը փափաքի բէկ դառնալ: «Պըրրի քաղաքական աւատապետութեան կամ ժառանգական դրութեան չի հաւատար», ըսաւ ան:

Նախորդը

Հարիրի Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն Մը Ստացաւ Ճոնսընէն

Յաջորդը

Մինչ Այս Շաբթուան Ընթացքին Կարելի Կ՛ըլլայ Յստակացնել Ընտրական Դաշինքները, Այսօր Լիբանան Կ՛այցելէ Սէուտցի Պատուիրակ Մը

RelatedPosts

Լիբանանեան Նախարարական  Պատուիրակութիւն Մը  Դամասկոս Այցելեց
Լիբանանեան

Լիբանանեան Նախարարական Պատուիրակութիւն Մը Դամասկոս Այցելեց

November 3, 2026
Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը Սկսաւ  Իրենց Վճարումները Չկատարած Պետական  Հաստատութիւններու Ելեկտրականութեան  Մատակարարումը Ընդհատել
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը Սկսաւ Իրենց Վճարումները Չկատարած Պետական Հաստատութիւններու Ելեկտրականութեան Մատակարարումը Ընդհատել

November 3, 2026
Ժողովրդավարական Հանդիպում  Եւ Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքներու Միջեւ Խորհրդակցական Հանդիպում
Լիբանանեան

Ժողովրդավարական Հանդիպում Եւ Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքներու Միջեւ Խորհրդակցական Հանդիպում

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.