Թրքական հրետանին ու օդուժը երէկ բուռն կերպով ռմբակոծեցին Աֆրինի շրջանի Ժանտիրս գիւղը, ինչպէս նաեւ Ժապալ Ահլամն ու Պասութան: Նշենք, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը ողջունած էր Սուրիոյ մէջ 30 օր զինադադար հաստատելու գծով ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի շաբաթ օր միաձայնութեամբ որդեգրած որոշումը:
Քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատները իրենց կարգին երէկ յայտնեցին, որ քրտական ուժերը յանձնառու կը մնան ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 2401 որոշումին:
Ջոկատները իրենք իրենց վերապահեցին ինքնապաշտպանութեան արդար իրաւունքի ծիրին մէջ հակադարձելու իրաւունքը, եթէ Աֆրինի մէջ թրքական բանակին կամ անոր դաշնակից զինեալ խմբաւորումներուն կողմէ յարձակումի ենթարկուին:
Նշենք, որ ՄԱԿ-ի մէջ Սուրիոյ դեսպան Պաշշար Ժաաֆարի շաբաթ օր ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի որոշումի որդեգրումէն ետք նշած էր, որ որոշումը նաեւ թրքական ուժերուն ու Միջազգային դաշինքին կը վերաբերի: Սակայն թրքական կառավարութիւնը երէկ յայտարարեց, թէ Ապահովութեան խորհուրդի որոշումը պիտի չազդէ Աֆրինի դէմ գործողութեան վրայ:
Սալեհ Մուսլիմ Ձերբակալուեցաւ
Սուրիոյ քրտական Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան նախկին համանախագահ Սալեհ Մուսլիմ Թուրքիոյ պահանջով «ժամանակաւորապէս ձերբակալուեցաւ» Չեխիոյ մայրաքաղաք Փրակայի մէջ: Սակայն Անգարայէն պաշտօնատարներ «Թըրքիշ Տէյլի Նիուզ»-ին յայտնեցին. «Անշուշտ անոր արտայանձնումը կը պահանջենք, սակայն ատոր գործադրումը անակնկալ մը պիտի ըլլայ: Նոյնիսկ եթէ ան չարտայանձնուին ան աւելի ուժեղ կերպով պիտի զգայ, թէ Թուրքիան զինք կը հետապնդէ», ըսին աղբիւրները:
Անոնք աւելցուցին, որ նկատի ունենալով, որ Ինթերփոլը չէ ընդառաջած Մուսլիմը ձերբակալելու Թուրքիոյ պահանջին, անոր դէմ ուղղակի հետաքննութիւն մը տեղի չէ ունեցած:
Թրքական ապահովական մարմինները Մուսլիմի գտնուած վայրը բացայայտած էին «Թուիթըր»-ի վրայ անոր գրառումներէն եւ անոր ձերբակալման պահանջով դիմած չեխական ոստիկանութեան:
Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը 12 փետրուարին Մուսլիմի անունը աւելցուցած էր «որոնումի ենթակայ ահաբեկիչներու» ցանկին վրայ: «Թըրքիշ Տէյլի Նիուզ» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ «կարմիր ցուցակ»-ին վրայ կը գտնուին 44 անուններ, որոնց կարգին են Թուրքիոյ կողմէ ահաբեկչական նկատուած կազմակերպութիւններու ղեկավարներ եւ աւագ անձնաւորութիւններ:
Թուրքիա Մուսլիմի գտնուած վայրին մասին տեղեկութեան համար 4 միլիոն թրքական լիրայի (15,1 միլիոն տոլար) պարգեւ խոստացած էր:
Չաւուշօղլու. «Թուրքիոյ Դէմ Դուրս Եկողին Գլուխը Նարինջի Պէս Պիտի Ճզմենք»
Թրքական «ՏՀԱ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու Անթալիոյ մէջ իր արտասանած խօսքի ընթացքին յայտարարած է. «Այս ժողովուրդը գիտէ տեղը եկած ժամանակ ամբողջ աշխարհին դէմ կանգնիլ: Այնտեղ, ուր մենք իրաւացի ենք, ոչ մէկ արգելք կը ճանչնանք: Ոչ մէկուն առջեւ գլուխ կը խոնարհեցնենք: Ով որ մեր դէմ դուրս եկաւ` գլուխը պիտի ճզմենք, պիտի անցնինք յառաջ: Զանոնք բոլորը այստեղի նարինջներուն պէս պիտի ճզմենք, անցնինք` ինչպէս հիմա կ՛ընենք Աֆրինի մէջ»:
Թրքական «Թի24» կայքը իր կարգին կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտնած է. «Այսօր մեր զինուորը Աֆրինի մէջ կ՛ընթանայ իր նախնիներուն հետքերով: Կ՛ըսեն, թէ` խաղաղ բնակիչներուն վրայ կը կրակէք: Ո՜վ անբարոյականներ, անխիղճներ, խաղաղ բնակիչները հարուածելը ձեր արեան մէջ է, մեր արեան մէջ չէ: Դուք Ռուանտայի, Լիպիոյ, Մալիի մէջ ատիկա ըրիք», ըսած է Էրտողան:
Ըստ անոր, ոեւէ մէկը չի կրնար դէմ արտայայտուիլ Աֆրինի զինուորական գործողութեան, որովհետեւ Թուրքիան իր սահմանը կը պաշտպանէ: «Մենք պարտաւոր ենք պաշտպանել մեր սահմանը: Ոչ ոք կրնայ մեզի ըսել` ինչո՞ւ ձեր սահմանը կը պահէք: Մենք պիտի շարունակենք մեր վրայ յարձակողներէն պատասխան պահանջել: Այս ժողովուրդը, այս երկրին զինուորները վախկոտներ չեն, մենք վախկոտներու երկիր չենք: Այս 4-5 տարուան մէջ մեր երկրին դէմ այնքան յարձակում եղաւ, որ դանակը ոսկորին հասաւ», ըսած է Էրտողան` միաժամանակ մեղադրելով Արեւմուտքը «ահաբեկիչներու հետ թեւ-թեւի մտած քալելու» յանցանքով:
Միւս կողմէ, «ՀապերԹիւրք» երէկ հաղորդեց, որ Թուրքիան աւարտած է Աֆրինի մէջ «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութեան առաջին փուլը: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան տուեալներով` Ալեքսանտրեթ եւ Քիլիս շրջաններէն Սուրիա մուտք գործած թրքական ուժերը միաւորուած են եւ Աֆրինի շուրջ ձեւաւորած կիսալուսինի տեսքով ճակատային գիծ:



