Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մանոյեան. «Վտանգի Գլխաւոր Աղբիւրը Ազրպէյճանն Է»

February 26, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Հայաստանը կը դիտուի իբրեւ հակամարտող կո՞ղմ, թէ՞ Արցախին զօրակցող կողմ` ըսուածին մէջ սխալ բան չկայ, որովհետեւ, եթէ Ազրպէյճան Արցախի վրայ յարձակում կատարէ, ապա Հայաստանն է, որ պիտի ներքաշուի այդ կռիւին մէջ, իսկ եթէ Տենիըլ Քոցը այլ բան ըսած ըլլար, ապա կը նշանակէ, որ ան պէտք է ճանչցած ըլլար Արցախը  իբրեւ ինքնուրոյն միաւոր, ըստ այնմ ալ կը կարծեմ, որ անմիջական հասցէատէր դարձուցած է Հայաստանը. ընդհանուր առմամբ` խնդիրը, վստահաբար, մտահոգիչ է եւ այն, որ շրջանը կրնայ ապակայունանալ` այդ ալ փաստ է», «Առաջին լրատուական»-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին  ընդգծեց ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեանը` մեկնաբանելով Միացեալ Նահանգներու Ազգային հետախուզութեան տնօրէն Տենիըլ Քոցի հրապարակած զեկուցումին այն հատուածը, ուր Հայաստանը կը դիտարկուի ոչ թէ իբրեւ Արցախին զօրակցող, այլ Ազրպէյճանի հետ հակամարտող կողմ:

«Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ տիրող լարուածութիւնը կրնայ յանգեցնել Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ լայնածաւալ զինուորական գործողութիւններու, որոնց մէջ կրնայ ներգրաւուիլ Ռուսիան իր շրջանային դաշնակիցին աջակցելու համար», նշուած է Միացեալ Նահանգներու հետախուզութեան զեկուցումին մէջ:

Այս ծիրին մէջ Կիրօ Մանոյեան մեծ բացթողում նկատեց այն, որ զեկուցումին մէջ չի խօսուիր այն մասին, որ շրջանի իրավիճակը  ապակայունացնողը Ազրպէյճանն է:

«Վտանգի գլխաւոր աղբիւրը Ազրպէյճանն է` անկախ այն հանգամանքէն, թէ  զեկուցումին մէջ կը գրե՞ն այդ մասին, թէ՞ ոչ, եւ անոր կը գիտակցին Միացեալ Նահանգները եւ եթէ այս առումով նաեւ քայլեր ձեռնարկուին, ապա ատիկա կը նպաստէ շրջանին մէջ կայունութիւն պահպանելու, այլապէս իսկապէս անհակակշռելի իրավիճակներ կրնան ստեղծուիլ», ընդգծեց Կիրօ Մանոյեան:

 

Նախորդը

Նախագահ Բակօ Սահակեան Ընդունեց Նախարար Վիգէն Սարգսեանը

Յաջորդը

Ակնարկ. Աշխարհաքաղաքական Օրակարգերու Բաղադրիչներ`Սարգսեան-Աուն Հանդիպման Առանցքին

RelatedPosts

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ  Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին,  Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»
Գլխաւոր լուրեր

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին, Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»

November 2, 2026
Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ  Զանգուածային Ցոյցեր
Գլխաւոր լուրեր

Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ Զանգուածային Ցոյցեր

November 2, 2026
Հանդիպում «Միասնական Ռուսիա»  Եւ «Արդար Ռուսիա» Կուսակցութիւններու  Ներկայացուցիչներուն Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Հանդիպում «Միասնական Ռուսիա» Եւ «Արդար Ռուսիա» Կուսակցութիւններու Ներկայացուցիչներուն Հետ

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.