Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ

November 14, 2011
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

17 ՆՈՐԱԳԻՐՆԵՐ ԿԸ ՄՏՆԵՆ
ՀՅԴ ՇԱՐՔԵՐԸ

ՀՅԴ «Իշխան» կոմիտէի հրաւէրով, 25 հոկտեմբեր 1961-ին, Ամերիկայէն հիւրաբար մեր մօտ գտնուող ընկ. Յովհաննէս Տէր Յովհաննէսեան այցելեց շրջանի ակումբը եւ խանդավառ մթնոլորտի մէջ տուաւ շահեկան դասախօսութիւն մը` Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան բարոյական ու ֆիզիքական կառոյցին մասին:

Մեր երէց ընկերը տուաւ սրտապնդիչ տեղեկութիւններ մասնաւորաբար Հիւսիսային ու Հարաւային Ամերիկաներու, Եւրոպայի եւ Յունաստանի մեր կազմերուն մասին:

Օգտուելով Տէր Յովհաննէսեանի ներկայութենէն` կատարուեցաւ երդման արարողութիւնը 17 նորագիրներու, որոնք իրենց կարողութիւններն ու անձերը կը դնեն հայ ժողովուրդի գոյատեւման ու ազատագրութեան պայքարի սուրբ սեղանին վրայ:

«Իշխան» կոմիտէութեան ընկերները խանդավառութեամբ իրենց մէջ առին 17 ուխտեալները, որոնք իրենց համար, վստահ ենք, որ պատիւ մը պիտի նկատեն իրենց նոր հանգամանքը` նոյն ատեն բախտաւոր սեպելով իրենք զիրենք, որ Յ. Տէր Յովհաննէսեանի նման երէց ընկերոջ մը կնքահայրութեամբ մուտք գործեցին հայ ժողովուրդի անձնազոհ այս կազմակերպութեան սեմէն ներս:

ԹՂԹԱԿԻՑ

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔ

ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ
ԱՄՊԻՈՆԻ ԱՍՈՒԼԻՍԸ

Անցած շաբաթ երեկոյ տեղի ունեցաւ Պէյրութի հայագիտական կաճառի 1961-1962 տարեշրջանի բացման ասուլիսը, Սեն Ժոզեֆ համալսարանի ամփիթատրոնին մէջ: Ներկայ էին ստուար թիւով մտաւորականներ եւ հոգեւորականներ:

Ասուլիսը նուիրուած էր Մխիթարեաններու չորս յոբելեաններուն: Հայր Մըսըրեան նախ ոգեկոչեց ներկայ տարուան ընթացքին վախճանած հայագէտ մտաւորական եւ հոգեւորական դէմքերը, յիշեց` Յովսէփ Օրբէլին, Պոլսոյ պատրիարքը, հայր Պօղոս Արիսը, Քիւրքճեանը եւ այլն:

Հայր Մըսըրեան յետոյ մանրամասն թուեց Վենետիկի եւ Վիեննայի Մխիթարեան հայրերու բազմամեայ գործունէութիւնը եւ տեղեկութիւններ տուաւ չորս յոբելեաններու մասին: Լուսապատկերով պաստառի վրայ ցուցադրեց մխիթարեան անմահները:

Հայր Մըսըրեանի այնքան շահեկան դասախօսութենէն ետք, խօսք առաւ Սահակ եպս. Կոգեան եւ շեշտեց անհրաժեշտութիւնը երկու այլ յոբելեաններու. մին` նոյնինքն հայր Մըսըրեանի գործունէութեան յիսնամեայ յոբելեանը, իսկ միւսը` Պէյրութի հայագիտական ամպիոնին երեսնամեայ յոբելեանը:

 

Նախորդը

ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ԵՂՋԵՐՈՒՆԵՐՈՒՆ ԵՐԿՐԻՆ ՄԷՋ

Յաջորդը

ԱՇԽԱՐՀԻ ԳԵՐՈՒԺԸ ԿԸ ՏԱՏԱՆԻ. ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ԵՐԱԶԸ ՎԵ՞ՐՋ ԿԸ ԳՏՆԷ

RelatedPosts

aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.