Վարդանանք Եւ Գրականութիւն
Երեւոյթներ կան, որոնք ամէնուն ծանօթ են, ինչպէս ջուրը ծանօթ է ամէնուն, արեւին չափ պարզ են, ինչպէս արեւը պարզ է ամէնուն: Բայց մարդիկ նորէն կառչած կը մնան անոնց, առանց անոնց` չեն կրնար ապրիլ, կը մեռնին:
Վարդանանց պատերազմը այդ երեւոյթներէն է մեր պատմութեան մէջ: Ամէնուն ծանօթ, ամէն տարի կրկնուող, բայց անմաշ է ըստ էութեան, ջուրին պէս ու ջուրին չափ կենսատու նորէն, արեւին պէս է ու արեւու չափ անհրաժեշտ: Երեւի գաղափարական բովանդակութիւն ունեցող երեւոյթներուն կը պատահի այս մշտահոլով թարմութիւնը: Երեւի միշտ կրկնուող բաները պէտք են կեանքին երբեմն, կեանքին առանցքն ու համը:
Մեր գաղափարական պայքարներուն առաջին օղակն է Վարդանանց պատերազմը, մահուամբ մահը կոխելու ներքին պահանջի մը փայլուն մէկ արտայայտութիւնը, որ նոր մակարդակի մը վրայ բարձրացուց հայ մարդը եւ հայթայթեց անոր կեանքը գնահատելու բոլորովին նոր չափանիշ մը:
Վարդանանց պատերազմը զգալիօրէն իր դրոշմը դրաւ մեր գրականութեան վրայ, ինչպէս գրականութիւնը վեր հանեց ու շնչաւորեց անոր խորագոյն իմաստը: Ու բնական է այս փոխ-ազդեցութիւնը: Գաղափարական շարժառիթներով տեղի ունեցած խոյանքները անխուսափելիօրէն կ՛անդրադառնան գրողներու գրչին եւ շարժման էութիւնը պատկերի, կշռոյթի, թափի վերածելու ընդունակները կը ճարեն անոր յաւերժական տրոփ մը, խմորող, խռովող հանգամանք մը:
Մեր հայրենիքին մէջ լուսաւորութեան պայքարը սկսաւ Գրիգոր Լուսաւորիչով, Մեսրոպ Մաշտոց տուաւ անոր ազգային հիմք մը, Վարդան արեամբ նուիրագործեց հայրենիքին համար անհրաժեշտ նոր գաղափարները, եւ Եղիշէն տուաւ անոնց դէպի դարերը սլացող վսեմ նկարագիր մը:
Պզտիկ անդրադարձ մը` ու պիտի հաստատէք իսկոյն, որ պատմութեան մէջ անկիւնադարձ կազմող ու ոգեշնչող բոլոր երեւոյթները կազմուած են այս յաջորդականութեամբ. տեսիլք, գիւտ, արիւն, բանաստեղծութիւն:
Եղիշէի կոթողական գործէն զատ` հայ գրականութիւնը Վարդանանքի նուիրուած բազմաթիւ նմուշներ կը հաշուէ: Անփշրելի է, օրինակ, շարականի կարկաչահոս տաղը, ամէնուն ծանօթ է խորհուրդին մարմին տուող Թէքէեանի քերթուածը, անոր նուիրուած գեղեցիկ նուաճումներէն է Յ. Օշականի «Երբ մեռնիլ գիտենք» խորագրեալ խաղը, իսկ Դերենիկ Դեմիրճեանին անունը արդէն կապուած է այդ երեւոյթին` իր «Վարդանանք» անուն գործին եօթը հարիւր էջերով:
Հայ գրականութիւնը երախտապարտ է Վարդանանցին, Վարդանանցը երախտապարտ է հայ գրականութեան:
Պ. Ս.
Նորահրաշ
Նորահրաշ պսակաւոր եւ զօրագլուխ առաքինեաց,
Վառեցար զինու հոգւոյն արիաբար ընդդէմ մահու.
Վարդան, քաջ նահատակ, որ վառեցիր ըզթշնամին,
Վարդագոյն արեամբըդ քո պսակեցեր զեկեղեցին:
Երկնաւոր թագաւորին զինու յաղթեալ պատերազմին,
Խոհական իմաստութեամբ խոհեմացեալ անճառապէս,
Խորէն խորհրդական եւ ծանուցեալ անուն բարի,
Խաչելոյն վըկայ եղեալ հեղմամբ արեան պսակեցաւ:
Ստացեալ զհաւատոյ Վահան յուսոյն զրահիւք ծածկեալ,
Զփրկականն սաղաւարտ ի գլուխ եդեալ զնշանն խաչին,
Վահան վեհ եղեւեալ որ մանկութեամբ նահատակեալ,
Խաչելոյն վկայ եղեալ պսակեցաւ արեամբն իւրով:
Ռամկական խումբ հազարաց եւ երեսնից թիւ ընդ վեցից,
Որք ընդ նոսին նահատակեալք արիաբար պատերազմաւ,
Եւ հեղին զարիւնս իւրեանց ի նորոգումն եկեղեցւոյ.
Ընդ նոսին պսակելով ի յերկնաւոր հանդիսադրէն:
Գոհութեամբ փառաւորութիւն երրորդութեանդ նուագեմք,
Բազմութեամբ պսակելոցս ըզմեօք մածեալ առաքինեացս,
Եկեղեցիք հայաստանեայց պայծառապէս զարդարեցան,
Ունելով միշտ բարեխօս զճենութիւն մարտի սոցա:
Վարդանանք
– Այսպէս կամեցաւ հայոց ժողովուրդը: Դե՛հ, սուրբ` նրա կամքը:
– Լո՜ւռ,- սաստեց զօրքին Ալեքսիանոսը` սրի շարժումներով եւ կատաղի ձայնով:
Զօրքը լսեց եւ տեղի ունեցաւ այն, որ Վարդանի հին զինուորները գիտէին:- Վարդանը սփրթնեց, ինչպէս ցասումնալի կայծակ: Աչքերը շողացին մռայլ մի ցոլքով եւ նա մի վերջին հայեացքով մի ակնթարթում կտրեց, խլեց զօրագնդերի կերպարանքը:
Նայեց նրանց, որոնք նա տանում էր դէպի սխրագործութիւն, դէպի մի կռիւ, որ չունի մահի երկիւղ եւ ուրեմն մահ չունի: Նա խիզախօրէն նետում էր իրեն մահից այն կողմ, որ մի նպատակ ունի միայն,- կռուել մինչեւ հուսկ վերջին ուժն ու հնարը, միմիայն յաղթել, թէկուզ մահուան գնով:
Նա զգաց այդ ահռելի ուժը իր թիկունքում, եւ շատ բան պիտի ասէր, բայց միայն գլուխը թափ տուեց.
– Դէ՛… իմ յետեւի՜ց:
***
… Նա հարուածեց մէկին, բայց եւ իսկոյն ընկաւ մի պարսիկ զինուորի սրի հարուածից: Տղաները վտանգուեցին: Նրանցից երեքն էլ ընկան: Ուրիշ կանայք հասան օգնութեան: Սրանց յետեւից թռան զինուորները եւ սկսուեց մի տեսարան` սարսափելի եւ գեղեցիկ: Զոհում էին իրենց, ազատում իրար, խլում իրարից մահը` շնորհում իրար կեանք:
Կայծակի պէս սա յափշտակեց Վարդանին, բոլորին: Սա թռիչք էր արդէն: Վարդանն զգաց – լուծուեց երկունքը, ծնուեց այն վեհագոյն ոգին, որի վրայ դրեց նա իր եւ հայոց ժողովրդի կեանքը: Վարդանը ոգիացած գոչեց: Դա բառ չէր, այլ յոյժ գերագոյն մի բան: Սլացիկ միտք: Ոգի: Զինուորներն ու շինականները խլեցին այդ ոգին: Ժպտացին ոչ հասարակ առօրեայ ժպիտով: Ժպտացին մեծ սխրագործութեան հպարտ ու վեհ ժպիտով: Մարտը դառաւ մի վերասլացք առաքինութեան եւ քաջութեան: Վարդանը տեսաւ իր գործը – հայոց ժողովրդի գործը – սոսկալի աւեր թշնամի զօրաբանակում: Ու թէեւ նա մղում էր իր վերջին օրհասականը եւ մօտենում էր վճարքը, բայց արդէն գոհունակ եւ վրէժխնդիր ժպիտով նայում էր շուրջը: Կատարուե՛ց: Հայոց ժողովուրդը յաղթե՛ց:
ԴԵՐԵՆԻԿ ԴԵՄԻՐՃԵԱՆ
Խորհուրդ Վարդանանց
Բ.
Դաշտն` արշալոյսին` խունկ է, կը մըխա՜յ,
Զէնքերու շաչիւնն իր շուրջն է ծնծղայ:
Թշնամի բանակն, ամպի պէս խաւար,
Կ՛երեւայ հեռուն եւ կը սահի վար…:
– «Վասն Յիսուսի, վասն Հայրենեաց`
Յառա՛ջ», Վարդանի ձայնը հոն գոռաց…»:
Քիչ յետոյ արդէն խառնուրդն է անհուն…
Կեանքէ կեա՜նք կ՛երթան զինուորներն հայուն…:
Վարդան, իր ճերմակ ձիով, զրահով,
Ամէնքէն առաջ, ամէնքին է քով:
– «Յաղթեցի՛նք, կ՛ըսէ, Պարսիկը փախաւ…»
Ու կ՛իյնայ` տալով իր հոգին անբաւ…:
Գ.
Սեւցած երկնքին ներքեւ` երկնքի
Ճաճանչ մը յանկարծ գետնէն կը ծագի:
Վարդանի հոգին, հրագո՛ւնդ անշէջ,
Կը մտնէ՜ մըռայլ ապագային մէջ:
Հոգիներուն մէջ ան կ՛երթա՜յ առաջ`
Հոգիներէն դուրս ցըցած սուր ու խաչ:
Կը զարնէ խաչովն ու սուրովը գիր
Կը գրէ, կ՛օրհնէ՜ Վարդանը կարմիր:
Դարերը կ՛անցնին` բայց Վարդանը Քաջ,
Բայց Վարդանը Սուրբ, կ՛երթա՜յ միշտ առաջ…:
ՎԱՀԱՆ ԹԷՔԷԵԱՆ
