Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ «Ռոստոմ» Կոմիտէի Քարոզչական Յանձնախումբ. Փետրուարեան Ապստամբութեան Յիշատակին Նուիրուած Հանդիսութիւն

February 24, 2018
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Ռոստոմ» կոմիտէի քարոզչական յանձնախումբին, երէկ 23 փետրուարի երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Հայաշէնի ակումբի «Սեդրակ Աճէմեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ փետրուարեան ապստամբութեան յիշատակի ձեռնարկ:

Կազմակերպիչ յանձնախումբին անունով Եղիկ Թաշճեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն ըսաւ, որ 18 փետրուար 1921-ը կը խորհրդանշէ ամէն կարգի բռնակալութեան եւ անարդարութեան դէմ հայ ժողովուրդի ըմբոստ եւ յեղափոխական ոգին` աւելցնելով, որ փետրուարեան ապստամբութիւնը այն օրն է, երբ հայ ժողովուրդը վճռական որոշում տուաւ ապստամբելու Հայաստանի Հանրապետութեան պարտադրուած խորհրդային իշխանութեան եւ մանաւանդ համայնավար վարչակազմի բռնակալութեան դէմ: Թաշճեան յայտնեց, որ ներկայիս փետրուարեան ապստամբութիւնը մեզի փոխանցելիք երկու հիմնական պատգամ ունի. ա) ապստամբութեան ժողովրդային հանգամանքը, բ) անոր կարեւորութիւնը ներկայ փուլին:

Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ փետրուարեան ապստամբութեան մասին տեսերիզ մը` «Երկիր Մետիա»-ի պատրաստութեամբ, որմէ ետք գեղարուեստական բաժինով ելոյթ ունեցաւ «Հայք» նուագախումբը, որ մեկնաբանեց «Տուն իմ հայրենի» եղանակը, ինչպէս նաեւ «Մարտիկի երգը», «Անուշ հայրենիք», «Հրաժեշտ սիրելեաց», «Վեհ գաղափար Դաշնակցութեան» երգերը:

Օրուան պատգամախօսն էր Համբիկ Պիլալեան: Ան յայտնեց, որ փետրուարեան ապստամբութիւնը դաշնակցականներուն եւ համակիր շրջանակներուն համար եղած է ժամանակակից հայոց պատմութեան մէջ իր եզակի տեղը ունեցող պանծալի դրուագներէն մէկը, իսկ տարբեր շրջանակներու (գաղափարական հակառակորդներու) կողմէ ընդունուած է իբրեւ եղբայրասպան կռիւներ, քաղաքացիական պատերազմ, անիմաստ ու անտեղի մղուած մարտեր, Դաշնակցութեան կողմէ կազմակերպուած եւ հրահրուած արկածախնդրութիւն: Ան շեշտեց, որ ո՛չ միայն պէտք է յիշենք այս սրբազան թուականը, դէմքերն ու անոնց զոհողութիւնը, այլեւ` նորահաս սերունդին պէտք է ըսենք, թէ ան պարտաւոր է տէր կանգնիլ թանկագին այս աւանդին: Պիլալեան ըսաւ, որ 1915-ի հայասպանութեամբ եւ տեղահանութեամբ, բարբարոս թուրքը կարծեց, որ հայ ժողովուրդին հաշիւը մաքրած է, սակայն 1918-ին հայ ժողովուրդը կրկին ցոյց տուաւ իր ազատ ապրելու ոգին ու թուրքին յաղթելու կամքը եւ կերտեց ազատ ու անկախ հայրենիք, հաստատեց պետականութիւն, ունեցաւ բանակ, խորհրդարան, զանազան նախարարութիւններ, դեսպանատուներ, քաղաքական միտք ու ինքզինք կառավարելու հասունութիւն եւ լծուեցաւ հայրենաշինութեան սուրբ գործին: Հակառակ անոր որ հայոց նորաստեղծ պետութեան կեանքը եղաւ կարճատեւ, ու անիկա ապրեցաւ դժուար եւ ահաւոր պահեր, սակայն ստեղծեց այն խոր գիտակցութիւնն ու հաւատքը, որ հայը շնորհիւ իր հաւաքական կամքին եւ անսահման զոհողութիւններուն կրցաւ ոտքի կանգնիլ եւ լուսաւորել իր կեանքը: Պիլալեան պատմական ակնարկ մը նետեց այդ ժամանակաշրջանի կացութեան, պատահած դէպքերուն, ձերբակալութիւններուն, սպանդանոց դարձած բանտերուն,  հայ ժողովուրդի պաշտպանութեան համար կռուած հերոսներու կացինահար սպանութիւններուն:

«Նման տմարդի կացութեան զոհ պիտի դառնային հայ քաղաքական գործիչներու, երեւելիներու եւ մտաւորականներու փաղանգներ, եթէ երբեք չպայթէր ժողովրդային ապստամբութիւնը եւ հայութիւնը տէրը չկանգնէր իր սեփական ճակատագիրին: Ազգի ըմբոստ ոգին կ՛արթննար, ազատատենչ հայութեան սիրտը կը բաբախէր եւ ժողովուրդ մը ամբողջ կը նետուէր պայքարի դաշտ` յանուն ազգային արժանապատուութեան, հայրենիքի եւ ազգի մնացորդացի փրկութեան», հաստատեց Պիլալեան եւ ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց այդ օրերուն հայ ժողովուրդին կատարած քաջութիւնները, որոնք տեղի ունեցան այնպիսի ժամանակներու, երբ հայրենիքը կ՛ապրէր լինել-չլինելու վիճակը: Ան ըսաւ, թէ հայութիւնը մէկ մարդու պէս իր կուրծքը ցցեց վայրագ թշնամիին դէմ եւ 45 օրեր քաջաբար կռուեցաւ` աւելցնելով, որ հայ ճնշուած աշխատաւորը, մտաւորականը, ուսուցիչը եւ քաղաքական գործիչը` համախմբուած ղեկավարութեան շուրջ, ցոյց տուաւ մեծ սխրանք: Շարունակելով իր խօսքը` Պիլալեան հարց տուաւ, թէ պատմական այս դրուագէն ինչպիսի՞ դաս մնացած է մեզի, ի՞նչն է, որ անցեալը կը կապէ ներկային, եւ պատասխանելով ըսաւ, թէ ատիկա հայոց միասնականութեան եւ ազատատենչ ոգին է, որուն ականատես եղանք Հայաստանի վերանկախացումով եւ Արցախի ազատագրումով: Բանախօսը ըսաւ, որ փետրուարեան ապստամբութիւնը մեզի սորվեցուց թշնամիին դէմ ճակատ ցցելու յանդգնութիւնը, բիւրեղացուց հայու նկարագիրը, ճանչցնել տուաւ իր ազգային ու մարդկային արժէքները, փաստեց, որ թշնամին անգութ եւ վայրագ է, հետեւաբար պէտք է ապաւինիլ սեփական ուժին եւ կամքին` աւելցնելով, որ այս ապստամբութեամբ հայութիւնը քայլ մը առջեւ անցաւ, հակառակ որ ան կորսնցուց իր գերիշխանութիւնը, ազատութիւնն ու անկախութիւնը:

Պիլալեան հաստատեց, որ փետրուարեան ապստամբութեան սերունդը իր արեամբ ու ծով զոհաբերութեամբ կրցաւ պաշտպանել Երեւանն ու ազգային արժանապատուութիւնը` շեշտելով, որ իբրեւ այդ սերունդի  հարազատ ժառանգորդներ, մեր հայեացքները ուղղուած պէտք է ըլլան դէպի Երեւան ու Արցախ, որպէսզի առաւելագոյն թիւով հայ ընտանիքներ առաջնորդուին հայրենի հող եւ ապրին Արարատի հայեացքներուն տակ:

«Փետրուարեան ապստամբութիւնը ունի մէկ այլ խորհուրդ, որ պէտք է միշտ ուղեկցի բոլորիս անխտիր: Անիկա հայու ըմբոստ ոգին վառ պահելու արժէքն է: Ներքին թէ արտաքին ճակատներու վրայ, միշտ ճշմարտութիւնը ըսելու պահանջն է, իրաւին, հարազատին, անկեղծին ու գաղափարականին հետ ըլլալու եւ զայն պաշտպանելու հրամայականն է, ամէն քայլափոխի հայ ժողովուրդին օժանդակելու, ծով կարիքներուն հասնելու, անոր տարրական իրաւունքներուն տէր կանգնելու, մէկ խօսքով` ազգային արժանապատուութիւնը ամէն բանէ վեր դասելու հարցն է, որ պէտք է մեզ անհանգիստ պահէ, մեր հոգիներն ու միտքերը ըմբոստութեան մղէ: Ու այդ ըմբոստութեան ջահակիրը հայ երիտասարդութիւնն է, ուր որ ալ գտնուի ան: Ապստամբութեան օրերուն, 10-12 տարեկան պատանիներ, նորահաս երիտասարդներ հրաշքներ գործեցին` ցոյց տալով իրենց քաջութիւնն ու հաւատամքը: Ահա մեր օրերու մարտահրաւէրը, կոչը, պատգամը, նաեւ ահազանգը», եզրափակեց Համբիկ Պիլալեան:

Ձեռնարկը փակուեցաւ «Մշակ բանուոր» քայլերգով:

 

 

Նախորդը

Հարցազրոյց Լուսանկարիչ Զոհրապ Մարգարեանին Հետ.«Հայաստանն Ու Արցախը Խօսք Չեն Ուզեր, Գործ Կ՛ուզեն» «Ազդակ»-ին Ըսաւ Զոհրապ Մարգարեան

Յաջորդը

Անդրադարձ. Եփրատի Արեւմտեան Ափին Վրայ Քրտական Գործօնի Վերջալոյսը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.