Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Դաշնակցութիւն» Խմբակցութիւնը Հանդիպած Է Արցախի Հանրապետութեան Արտակարգ Իրավիճակներու Պետական Ծառայութեան Պատասխանատուներու Հետ

February 24, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութիւնը փետրուար 19-ին  հիւրընկալած է Արցախի Հանրապետութեան Արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութեան տնօրէն Կարէն Սարգսեանը եւ  ծառայութեան որոշ աշխատակիցներ:

Հանդիպումին սկիզբը պատգամաւոր Ալիոշա Գաբրիէլեանը նշած է, որ Արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութեան պատասխանատուներու հետ հանդիպումի անհրաժեշտութիւնը ծագած է համայնքներու մէջ բնակչութեան հետ հանդիպումներուն ընթացքին բարձրացած շարք մը հարցերէն:

Հանդիպումի հիմնական թեման հանրապետութեան տարածքին վրայ քաղաքացիական պաշտպանութեան ապաստարաններու առկայութիւնն էր, յատկապէս` սահմանամերձ բնակավայրերու մէջ:

Ոլորտի պատասխանատուները մանրամասնօրէն ներկայացուցած են առկայ խնդիրներու, անոնց հնարաւոր լուծումներու, յառաջիկայ երկու տարիներու ընթացքին  բնակչութեան հետ նախատեսուող  աշխատանքներու մասին:

«Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան պատգամաւորները առաջարկած են յառաջիկային համատեղ այցելութիւններ կազմակերպել դէպի սահմանամերձ համայնքներ` մասնակցութեամբ Ազգային ժողովի պատգամաւորներու, պետական այլ պաշտօնեաներու յատկապէս քաղաքաշինութեան ոլորտի եւ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ներկայացուցիչներու: Առաջարկած են այցելութենէն ետք կազմակերպել լսումներ` ուսումնասիրութիւններու արդիւնքով յառաջացած խնդիրներու քննարկման վերաբերեալ:

Նախորդը

Դասախօսութիւն` «Տնտեսագիտութիւն» Նիւթով

Յաջորդը

Լիբանանի Հանրապետութեան Նախագահ Միշել Աունի Յայտարարութիւնը` Նախագահ Սերժ Սարգսեանի Հետ Հանդիպումէն Ետք

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.