Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիոյ Հայ Մտաւորականութիւնը Կոչ Ուղղած Է Պատրիարքի Ազատ Ու Անկախ Ընտրութիւն Կատարելու

February 23, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ շարք մը հայ մտաւորականներ միացեալ կոչ հրապարակած են Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանի շուրջ մէկ տարիէ աւելի շարունակուող ճգնաժամային վիճակի եւ վերջերս Արամ արք. Աթեշեանի` Պոլսոյ հայոց պատրիարքի փոխանորդի պաշտօնին վերանշանակման վերաբերեալ:

«Ակօս» կը հաղորդէ, որ նամակը ստորագրած են Թուրքիոյ մէջ գործող բազմաթիւ հասարակական գործիչներ, արուեստագէտներ, մտաւորականներ, գիտնականներ, որոնց շարքին են Հայկօ Ճեփքինը, Պարոյր Գոյումճեանը, Սարօ Ուսթան, Բագրատ Էստուկեանը, Պարթեկը, Մասիս Արամ Կէօզպեքը, Նազան Մաքսուտեանը, Արաս Էրկիւնեշը, Սեւան Մատաթեանը, Լեռնա Էքմեքճիօղլուն, Արարատ Շեքերեանը, Թագուհի Թովմասեանը, Զաքարիա Միլտանօղլուն, Լարա Նարինը եւ ուրիշներ:

Նամակի հեղինակները Թուրքիոյ հայութեան բոլոր խաւերուն ու հաստատութիւններուն կոչ ուղղած են` կարելի բոլոր հարթակներուն մէջ շարունակելու բողոքել պատրիարքի ընտրութեան համայնքային իրաւունքին իշխանութեան անընդունելի միջամտութեան դէմ, որովհետեւ «համակերպումէն բխած խաղաղութիւնը ոչ թէ խաղաղութիւն է, այլ` հալածանք»:

«Ի դէմս Կրօնական ժողովի` կոչ կ՛ուղղենք հոգեւորականներուն չմոռնալու համայնքին առջեւ իրենց ունեցած պատասխանատուութիւնը եւ պահելու իրենց խոստումը», ըսուած է նամակին մէջ` նկատի ունենալով Պոլսոյ հայոց պատրիարքի ժողովրդական ընտրութեան կազմակերպումը:

Յիշեցնենք, որ նախապէս Պոլսոյ նահանգապետարանի հրաւիրած արտակարգ ժողովի ընթացքին պատրիարքի ընտրութիւններուն կազմակերպումով զբաղող նախաձեռնող խումբի անդամներու եւ հայկական հիմնադրամներու ղեկավարներու ներկայութեամբ պաշտօնապէս յայտարարուած էր, որ աւելի քան 9 տարի մահագունի մէջ գտնուող պատրիարք Մեսրոպ արք. Մութաֆեանի կենդանութեան օրով հայ համայնքին պիտի չթոյլատրուի որեւէ նոր ընտրութիւն կատարել եւ պետութիւնը հաւատարիմ պիտի մնայ իր` 2010 թուականին նախարարաց խորհուրդին կողմէ Արամ արք. Աթեշեանը պատրիարքի փոխանորդ կարգող որոշումին:

Փայլան Գրաւոր Հարցում Յղած Է Ներքին Գործոց Նախարարին

Թուրքիոյ ընդդիմադիր Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութենէն Թուրքիոյ խորհրդարանի անդամ Կարօ Փայլան դարձեալ գրաւոր հարցում յղած է երկրի ներքին գործոց նախարար Սուլէյման Սոյլուին` պահանջելով պատասխանել Պոլսոյ հայոց պատրիարքի ազատ ընտրութիւններուն խոչընդոտող իշխանութեան որոշման հետ կապուած շարք մը հարցումներու:

«Ակօս» կը հաղորդէ, որ Փայլան իր գրաւոր հարցումին մէջ յիշեցուցած է, որ 2017 թուականին Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան խոստացած էր, որ ընտրութիւններու կազմակերպումը կարելի պիտի դառնայ 16 ապրիլին տեղի ունեցած սահմանադրական հանրաքուէէն ետք:

«Այս խոստումէն ի վեր ի՞նչ փոխուած է», կը հարցնէ հայազգի երեսփոխանը: Փայլանը խնդրած է ներկայացնել այն օրինական հիմքերը, որոնց միջոցով իշխանութիւնները բացէ ի բաց կը միջամտեն պատրիարքական ընտրութեան հոլովոյթին:

«Պատրիարք Մութաֆեանի մահաքունը կրնայ երկար տարիներ տեւել: Դուք ըսելով, թէ մինչեւ պատրիարքի վախճանումը նոր պատրիարք կարելի չէ ընտրել, կը պնդէք, որ համայնքը անորոշ ժամանակով մինչեւ Մութաֆեանի վախճանումը պէտք է ձեր կողմէ նշանակուած վերահսկիչո՞վ բաւարարուի», նշած է Փայլան:

Ան նաեւ քննադատած է Պոլսոյ նահանգապետի` Գարեգին արք. Պեքճեանի հանդէպ «այսպէս կոչուած` պատրիարքի տեղապահ» արտայայտութեան օգտագործումը:

 

 

Նախորդը

Սահմանադրական, Ապահովական Թէ Ընկերային-Տնտեսական Ժամկէտներուն Ընդառաջ. Լիբանանեան Ղեկավարութիւնն Ու Վարչամեքենան` Զօրաշարժի Մատնուած

Յաջորդը

Հոլանտայի Խորհրդարանը Ընդունած Է Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Բանաձեւերը

RelatedPosts

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ  Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին,  Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»
Գլխաւոր լուրեր

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին, Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»

November 2, 2026
Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ  Զանգուածային Ցոյցեր
Գլխաւոր լուրեր

Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ Զանգուածային Ցոյցեր

November 2, 2026
Հանդիպում «Միասնական Ռուսիա»  Եւ «Արդար Ռուսիա» Կուսակցութիւններու  Ներկայացուցիչներուն Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Հանդիպում «Միասնական Ռուսիա» Եւ «Արդար Ռուսիա» Կուսակցութիւններու Ներկայացուցիչներուն Հետ

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.