Ուրբաթ, 23 փետրուարին, երեկոյեան ժամը 17:00-ին, Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց ազգային խումբը մրցում մը ունի կատարելիք Սուրիոյ դէմ` Ասիա – Ովկիանիա գօտիին մէջ տեղի ունենալիք աշխարհի բաժակի մրցաշարքի զտումի ծիրին մէջ: Այս մրցումը տեղի պիտի ունենայ «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ (Զուք Միքայէլ):
Երկուշաբթի, 19 փետրուարին, Լիբանանի կազմը վերադարձաւ Տոհայէն (Քաթար), ուր կատարեց յատուկ բանակում մը:
Այդ բանակումին ընթացքին փորձելով բոլոր մարզիկները` մարզիչ Փաթրիք Սապա եւ օգնական մարզիչ Մարուան Խալիլ վերջնականապէս ընտրեցին հետեւեալ 12 մարզիկները.
Ժան Ապտել Նուր (խմբապետ), Ուաէլ Արաքժի, Ժատ Խալիլ, Ամիր Սէուտ, Էլի Սթեֆան, Էլի Շամուն, Էլի Ռըսթոմ, Պասել Պաուժի, Ժերար Հատիտեան, Աթեր Մաճոք, Շարլ Թապեթ եւ Ալի Քանաան:
Լիբանան, որ մաս կը կազմէ Գ. խմբակին, ցարդ արձանագրած է յաղթանակ մը եւ կրած պարտութիւն մը:
Լիբանան իր ամէն կարելին պիտի ընէ, որպէսզի կարենայ չորրորդ անգամ ըլլալով մասնակցիլ աշխարհի բաժակի մրցաշարքին, որուն աւարտական հանգրուանի մրցումները տեղի պիտի ունենան Չինաստանի մէջ (յառաջիկայ տարի):
Նախապէս Լիբանան իր մասնակցութիւնը բերած է Միացեալ Նահանգներու (2002), Ճափոնի (2006) եւ Թուրքիոյ (2010) մէջ կատարուած աշխարհի բաժակի մրցաշարքին:



