Ներքին թէ արտաքին ժամկէտներու մերձեցման առընթեր Լիբանան պաշտօնական թէ քաղաքական մակարդակներու վրայ կը շարունակէ մնալ անզիջող` երկրի հողային թէ բնական (նաւթային) իրաւունքներուն պահպանման գծով:
Նմանապէս, երկրին ղեկավարները նախանձախնդիր են ամենայն վճռակամութեամբ ծրագիրներով ներկայանալու Լիբանանի զօրակցութեան կոչուած արտաքին համագումարներուն` Փարիզի, Հռոմի թէ Պրիւքսելի մէջ եւ վերադառնալու Լիբանանի համար նպաստաւոր յարմարագոյն արդիւնքներով:
Արդարեւ, լիբանանցի ղեկավարները երէկ վերահաստատեցին իրենց վճռակամ կեցուածքը, մերժելով ամերիկացի բանագնաց դեսպան Տէյվիտ Սաթըրֆիլտի առաջարկները, ըստ որոնց որոշ փոփոխութիւններ արձանագրուած են խնդրոյ առարկայ 9-րդ նաւթահորին գծով: Լիբանանի վճռակամ կեցուածքը Իսրայէլը մղած է որոշ զիջումներու: Այս գծով եւ ըստ «Մուսթաքպալ» պատկերասփիւռի կայանին, Սաթըրֆիլտ Իսրայէլի անունով առաջարկած է քննել ու բանակցիլ 8-րդ, 9-րդ եւ 10-րդ նաւթահորերուն գծով: Իսկ 9-րդ նաւթահորի պարագային «միայն» 25 առ հարիւրը զիջիլ Իսրայէլի` 40 առ հարիւրին փոխարէն:
«Այն ինչ որ մերն է` մե՛րն է» կարգախօսով խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ դարձեալ անզիջող ու ժխտական կերպով հակազդեց դեսպան Սաթըրֆիլտին: Փաստօրէն առնչակից` Հոֆի գիծին շուրջ համախոհութեան յանգելու առաջարկը նոյնքան անընդունելի է` տրուած ըլլալով, որ անիկա Լիբանանին «կը շնորհէ ու կը թոյլատրէ» պեղել եւ օգտագործել 9-րդ նաւթահորի ջրատարածքին 60-65 առ հարիւր համեմատութիւնը` մնացեալը զիջելով Իսրայէլին: Սակայն ըստ մասնագէտներու, պեղելի քարիւղին թէ կազին առիւծի բաժինը կը գտնուի նոյնինքն այդ 40 առ հարիւր համեմատութեան տարածքին մէջ, ուր Իսրայէլ սեւեռած է իր ախորժակները: Հոսկէ` խորհրդարանի նախագահին վճռակամ ու նախանձախնդիր մօտեցումը` նշեալ տարածքէն ոչ իսկ թիզ մը զիջելու գծով: Աւելի՛ն. Պըրրի պահանջած է կազմել մասնագէտներու յատուկ յանձնախումբ մը եւ անոր յանձնել այս թնճուկին հարթումը` մեկնելով ապրիլ 1996-ի հասկացողութեան տրամադրութիւններէն:
Հանդիպում Նախարար Պասիլի Հետ
Նախքան այդ, ամերիկացի բանագնաց դեսպան Տէյվիտ Սաթըրֆիլտ այցելած էր արտաքին գործոց նախարարութիւն եւ նոյն հարցով խորհրդակցութիւններ ունեցած էր նախարար Ժըպրան Պասիլի հետ: Պասիլ իր կարգին անզիջող ու վճռակամ կեցուածքով դիմակալած է ամերիկացի բանագնացին առաջարկները: Հանդիպումի աւարտին ամերիկացի բանագնացը մեկնած էր առանց յայտարարութիւն կատարելու:
Նոյն ծիրին մէջ, դեսպան Սաթըրֆիլտ երէկ տեսակցեցաւ նաեւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի հետ, որ իր կարգին շեշտեց Լիբանանի ապահովութեան խախտումի փորձերուն մերժումը:
Նշենք, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ դեսպան Սաթըրֆիլտի միջեւ հանդիպումին զուգահեռ, ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն, հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ վերջին 24 ժամուան մէջ երէկ երկրորդ անգամ ըլլալով այցելեց Այն Թինէ: Մեկնումի պահուն այցելութեան առիթին մասին հարցապնդուելով, թէ անիկա արդեօք կ՛առնչուի՞ ամերիկացի բանագնացի հանդիպումին, Իպրահիմ ըսաւ. «Պըրրիին հարցուցէք»:
Տնտեսական Նախապատրաստական Ճիգեր
Լիբանանի զօրակցութեան յատուկ «Փարիզ-4» խորհրդաժողովի նախապատրաստական քայլերու ծիրին մէջ ֆրանսացի պատուիրակ դեսպան Փիեռ Տէօ Քազան երէկ այցելեց Պէյրութ եւ խորհրդակցութիւններ ունեցաւ Լիբանանի պատկան մարմիններուն հետ:
Այս ծիրին մէջ վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ կէսօրէ ետք վարչապետարանին մէջ ընդունեց ֆրանսացի պատուիրակը: Անոնք միասնաբար պարզեցին Փարիզի «Սետր» համագումարին նախապատրաստական քայլերը: Նոյն առումով նմանօրինակ նիստ մը եւս պիտի գումարուի 6 մարտին:
Առնչակից կողմեր մտահոգ են Փարիզի համագումարի ընթացքին լիբանանեան կողմին պատրաստութեան գծով: Հոսկէ` անոնց նախանձախնդրութիւնը փութալու պետական ամավարկի վաւերացման գծով: Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի չորեքշաբթի օրուան հերթական հանդիպումին իր այցելուներուն թախանձած է ամավարկի նախապատրաստութիւնը ամբողջացնել նախքան 5 մարտը, այլապէս թերեւս ուշ կ՛ըլլայ ամավարկին վաւերացումը նախատեսուող թուականին:
Դարձեալ ներքին առումով քուլիսային ճիգերը կը շարունակուին` ընդառաջելու քաղաքացիներու աշխատաւորական բողոքի ելոյթներու պահանջներուն: Նոյնպէս, անհրաժեշտ բարեկարգումներու ձեռնարկման քայլերուն շուրջ քննարկումները կը շարունակուին:
Իսկ խորհրդարանական սահմանադրական ժամկէտին ընդառաջ ընտրական բացայայտ հանդիպումները կը շարունակուին` յաւելեալ լոյս սփռելով յետմայիսեան խորհրդարանին շուրջ ուրուագծուող դիմագիծին վրայ:



