Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ նախագահեց 2018-ի ամավարկի քննարկման սեղմ յանձնախումբի նիստին, ուրկէ կը բացակայէր զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան:
Ժողովականները քննեցին վարչապետի առաջարկած 20 առ հարիւր համեմատութեամբ ծախսերու նուազեցման անհրաժեշտութիւնը եւ բոլորը համաձայն գտնուեցան:
Ըստ նախարար Ժամալ Ժարրահի, ամավարկի մեծ մասը կարելի եղած է քննարկել եւ յաւելեալ երեք նիստերով կարելի կ՛ըլլայ ամբողջացնել քննարկումը:
Նիստի ընթացքին ուշագրաւ էր վարչապետին, ինչպէս նաեւ ժողովականներուն նախանձախնդրութիւնը` անհրաժեշտ բարեկարգչական քայլեր ներառելու գծով նոր ամավարկի նախագիծին մէջ:
Այս առիթով ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ յայտնեց, որ որոշ կէտեր քննարկուած են եւ տակաւին այլ յօդուածներ կան քննարկելի, առ այդ այսօր` հինգշաբթի կէսօրէ ետք քննարկումը պիտի շարունակուի: «Այսօր թուական պատկերի մանրամասնութեանց մէջ չմտանք, սակայն կարգ մը կէտերու գծով թիւեր ուզեցի ունենալ», ընդգծեց նախարար Խալիլ:



