Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

2018-ի Խորհրդարանական Նախընտրական Օրակարգ

February 22, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախընտրական բանակցութեանց ենթահող պատրաստելու կոչուած խորհրդակցութիւնները շարունակուեցան երէկ լիբանանեան տարբեր կողմերու պատկան մարմիններուն միջեւ:

Այս ծիրին մէջ եւ ինչպէս կը նախատեսուէր, երէկ երեկոյ ընդլայնուած «կարեւոր» հանդիպում մը կայացաւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաանի բնակարանին մէջ` ներկայութեամբ նախարար Մլհեմ Ռիաշիի եւ Ազգային ազատ հոսանք եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւններու պատասխանատուներու:

Միւս կողմէ, նախկին նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր երէկ «աւետեց», թէ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի որդին` Թայմուր Ժոմպլաթ մաս պիտի կազմէ նորընտիր խորհրդարանին: «Մեր համոզումն է, որ Թայմուր Ժոմպլաթ նորընտիր խորհրդարան մուտք պիտի գործէ  բոլոր կողմերով հաւասարակշռուած ազգային պլոքի կազմով», ընդգծեց Ապու Ֆաուր` աւելցնելով, որ «Թայմուր կու գայ աւանդը կրելու եւ շարունակելու երթն ու առաջնորդելու զայն»:

Միւս կողմէ, Ապու Ֆաուր բացայայտեց Հըզպալլայի եւ Ամալ շարժումի դժկամութիւնը ընտրական որեւէ օրէնքի, որուն դէմ կը կենայ Ուալիտ Ժոմպլաթ: Պատկերասփռուած յայտագիրի մը ընթացքին արտայայտուելով` Ապու Ֆաուր խոստովանեցաւ, թէ «իրենք» դէմ էին ընտրական այժմու օրէնքին եւ յատկապէս անոր նախընտրութեան քուէի դրութեան:

Իսկ Ամալ-Ազգային ազատ հոսանք «ճակատին» վրայ, Ամալ շարժումի ղեկավարներէն նախարար Ալի Հասան Խալիլ, անդրադառնալով Ազգային ազատ հոսանքին հետ ընտրական դաշինքի հաւանականութեան, ըսաւ. «Նախագահ Միշել Աունին հետ այսօր որեւէ տարակարծութիւն չունինք, եւ Ազգային ազատ հոսանքին հետ մեր յարաբերութիւնները բնականոն են»: Խալիլ նշեց նաեւ, որ այդ յարաբերութիւնը վերջերս որոշ դժուարութիւններու կամ տարակարծութիւններու բախեցաւ` բանալով վէրքեր, որոնք դժուար է հեզասահօրէն եւ շուտով ամոքել:

 

 

Նախորդը

30-ամեակ Արցախեան Պայքարի Շղթայազերծման . Արձագանգ Կայ, Արձագա՛նգ Ալ Կայ…

Յաջորդը

Պետական Ամավարկի Քննարկման Սեղմ Յանձնախումբի Նիստ

RelatedPosts

Սալամ. «Լիբանանը Թմրեցուցիչներու  Մաքսանենգման, Դրամ Լուալու Կամ Որեւէ Ապօրինի  Գործունէութեան Միջանցք Պիտի Չըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ. «Լիբանանը Թմրեցուցիչներու Մաքսանենգման, Դրամ Լուալու Կամ Որեւէ Ապօրինի Գործունէութեան Միջանցք Պիտի Չըլլայ»

November 2, 2026
«Նախագահի Ընտրութեան Խնդիրը Անոր  Ինքնութեան Շուրջ Է, Եւ Առանց Ազգային Ինքնութեան  Կշիռ Ունեցող Նախագահ Մը Կարելի Չէ Ընդունիլ»  Կ՛ըսէ Շէյխ Քապալան
Լիբանանեան

Շէյխ Քապալան. «Լուծումը Ժողովրդային Լայնածաւալ Բողոքի Մէջ Է` Պատասխանատուութեան Ենթարկելու Լիբանանի Գոյութեան Սպառնացող Խմբակը»

November 2, 2026
Անդրադառնալով Տահր Պայտարի  Պայթուցիկ Նիւթերու Հարցին`  Հաժ Հասան. «Մեղադրանքը Անիրաւ Է  Եւ Հիմնուած Քաղաքական Թելադրանքներու Վրայ»
Լիբանանեան

Անդրադառնալով Տահր Պայտարի Պայթուցիկ Նիւթերու Հարցին` Հաժ Հասան. «Մեղադրանքը Անիրաւ Է Եւ Հիմնուած Քաղաքական Թելադրանքներու Վրայ»

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.