Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Արձանագրութիւններու Յետս Կոչման Ընդառաջ Սահմանադրական Դատարանի Ամրագրումները Առանցք` Մշակելի Փաստաթուղթին (Դ. Վերջ)

February 22, 2018
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ցիւրիխեան ստորագրութիւնները, ըստ ընթացակարգի պէտք է հաստատուէին իրենց սահմանադրականութեամբ  Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրական դատարանին կողմէ: 2010-ի սկիզբը Սահմանադրական դատարանը հաստատեց, որ արձանագրուած պարտաւորութիւնները կը համապատասխանեն Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութեան, սակայն աւելցուց, որ արձանագրութիւններու կէտերը չեն կրնար վերաբերիլ Հայոց ցեղասպանութեան հաւաստիութեան եւ արցախեան հակամարտութեան ու անոր լուծման:

Այս եզրակացութիւնը բնականաբար Անգարան պիտի շահարկէր եւ յայտարարէր, որ Սահմանադրական դատարանի որոշումը  կը հակասէր արձանագրութիւններու ոգիին եւ բովանդակութեան:

Մէկ կողմէ, եթէ ընդունինք, որ արձանագրութիւններու իւրովի մեկնաբանութիւն կը կատարէր Անգարան, այնտեղ իր նախապայմանները ամրագրուած տեսնելով, միւս կողմէ Սահմանադրական դատարանը յայտնաբար նկատած էր իրաւադրոյթներ, որոնք արձանագրութիւններով ճշդուած կէտերու գործադրութեան ընթացքին դուռ կը բանային  թրքական նախապայմաններուն:

Այստեղ արդէն կը նոյնանային այս հարցով Դաշնակցութեան բարձրաձայնած քաղաքական առաջադրանքներն ու արձանագրութիւնները չստորագրելու պահանջները` Սահմանադրական դատարանի եզրակացութեան մէջ ամրագրուած վերապահումներուն հետ: Ըստ էութեան Դաշնակցութեան բարձրացուցած խնդիրներու իրաւական ամրագրումն էր, որ կատարեց Սահմանադրական դատարանը:

Պետական-քաղաքական գործնապաշտ մտածողութենէ եւ ներառական քաղաքականութիւն կիրարկելու շրջանակներուն մէջ կարելի է մտածել մէկ կողմէ բանակցելու, ստորագրելու, միւս կողմէ իրաւական վերապահումներ ամրագրելու եւ ժողովրդային ընդվզումի առիթ տալու  գործողութիւններու մասին, յամենայն դէպս այս պարագային ընդգծելին այն է, որ Սահմանադրական դատարանը նկատած էր անհրաժեշտութիւն արձանագրութիւններու վնասազերծման:

Սահմանադրական դատարանը փաստօրէն կը կանխարգիլէր արձանագրութիւններու շրջանակին մէջ որեւէ համաձայնագիր կնքել, որ խնդրոյ առարկայ կը դարձնէր Ցեղասպանութեան հաւաստիութիւնը կամ Թուրքիան առնչակից կը դարձնէր արցախեան հակամարտութեան լուծման գործընթացին:

Դիւանագիտական-բանակցային պատերազմը կը տեղափոխուէր քարոզչական հարթութիւն: Անգարան Սահմանադրական դատարանի որոշումը պատճառ-պատրուակ կը նկատէր արձանագրութիւնները չվաւերացնելու, մինչ Երեւանը` Անգարայի նախապայմանային քաղաքականութիւնը:

Սահմանադրական դատարանի որոշումը իրաւականօրէն երանգաւորուած էր: Հաստատելով արձանագրութիւններու սահմանադրականութիւնը, Երեւանը չէր արգելակեր միջազգային ընտանիքին կողմէ միջնորդուած յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացը, սակայն կը կանխարգիլէր յառաջիկայ եւ ներկայ սերունդներու հաշուոյն պատմական եւ ժամանակակից խնդիրներէ  զիջումի երթալու որեւէ կարելիութիւն: Ինչ որ իրաւաչափ  էր նաեւ Սահմանադրութեան նախաբանը կազմած Անկախութեան հռչակագիրին:

Սահմանադրական այս վնասազերծումը մէկ կողմէ նկատեց արձանագրութեան մէջ նախապայմանային քաղաքականութեան կիրարկման  դուռ բացող իրաւադրոյթներ, միւս կողմէ կանխակասեցուց անոնց գործնականացման ընթացքը` հայութեան ցուաբերած սուր զգայնութիւններուն իրաւական ամրագրումներ ապահովելով:

Արձանագրութիւնները շուտով կը չեղարկուին: Նոր մշակուելիք փաստաթուղթը ո՛չ միայն նոր պայմաններու նկատառումով, այլ նաեւ ի սկզբանէ սուր զգայնութիւններու եւ Սահմանադրական դատարանի եզրակացութիւններու նկատառումներով կը մշակուի անպայման:

Նախորդը

Հոլանտայի Խորհրդարանը Այսօր Կը Քննարկէ 2 Օրինագիծերը. «Անոնք Ցոյց Պիտի Տան, Թէ Մեր Երկրին Հետ Յարաբերութիւնները Բարելաւելու Ցանկութիւն Ունի՞ն, Թէ՞ Ոչ» Կ՛ըսէ Աքսոյ

Յաջորդը

Սերճիօ Պուսքեթցի Նոր Մրցանիշը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.