Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազրպէյճանի` Ինթերփոլին իմ դէմ ներկայացուցած դիմումը անհեթեթ է

February 21, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Փետրուար 2018, Պրիւքսէլ.– ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի Գրասենեակը կը յայտարարէ, որ Ազրպէյճանի Ինթերփոլին ներկայացուցած դիմումը Գրասենեակի նախագահ՝ Գասպար Կարապետեանի ձերբակալման վերաբերեալ լիովին զուրկ է ոեւէ իրաւական հիմքէ եւ ինքնաբերաբար դատապարտուած է Ինթերփոլի մերժումին:

Այս վերջինս արդէն իսկ անցեալին մերժած է Ազրպէյճանի նմանատիպ դիմումները որոնք զուտ քաղաքական բնոյթ ունին եւ պարզապէս ապարդիւն փորձեր են միջազգային հանրութեան պարտադրելու Ալիեւի բռնակալ վարչակարգի կամքը:

Ազրպէյճանի նոյնանման յուսահատ քայլերու առաջին նպատակն է մամուլի մէջ աժան աղմուկ բարձրացնել եւ ընդհանրապէս վախի մթնոլորտ յառաջացնել: Այս օրերուն, երբ Եւրոխորհրդարանին մէջ պիտի նշուի Արցախեան շարժման 30-ամեակը, Ազրպէյճան կը փորձէ նման յերիւրանքներով եւրոպական hասարակութեան ուշադրութիւնը շեղել։

Գասպար Կարապետեան մեկնաբանելով իր հասցէին տարածուած յերիւրանքը, ըսաւ.- «նմանատիպ անհեթեթ նախաձեռնութիւնները միայն կրնան ապացուցել Ազրպէյճանի իշխանութեան յուսահատ քայլերը: Արդեօ՞ք պէտք է յիշեցնել Ալիեւին, թէ ինչ արագութեամբ մերժուեցաւ վերջինիս Ինթերփոլի ուղարկած թղթածրարը, որ կը բողոքէր Եւրոխորհրդարանի երեք պատգամաւորներու Արցախ այցելութեան դէմ»:

Կարապետեան շարունակեց ըսելով, թէ Ազրպէյճանի իշխանութեան առած այս քայլը ոեւէ իրաւական հիմք չունի եւ յստակ է, որ իւրաքանչիւր եւրոպացի քաղաքացի, անհատ, լրագրող կամ քաղաքական գործիչ, որ կը փափաքի Արցախ այցելել՝ իրավիճակին տեղեկանալու նպատակով, այդ իրաւունքը ունի: Աւելին՝ Եւրոմիութիւնը որպէս մարդու իրաւունքներու պաշտպան կառոյց եւ իբր համաշխարհային ազդեցութիւն ունեցող «փափուկ ոյժ» կը հաստատէ, որ իր ներկայացուցիչները իրաւունք ունին այցելել Արցախ առանց պայմանականութիւններու:

«Ազրպէյճանի իշխանութեան կը խրատեմ, որ փոխանակ իր ժամանակը սպառելու այսպիսի ապարդիւն նախաձեռնութիւններով, զբաղի իր երկրին մէջ մարդու իրաւունքներու խախտումները լուծելով», եզրափակեց Կարապետեան:

ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի Գրասենեակը կը հաստատէ Հայ Դատի պաշտպան իր հայրենակիցներուն, որ Գրասենեակի անձնակազմը ղեկավարուելով յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեանի կողմէ, աւելի մեծ խանդավառութեամբ պիտի շարունակէ իր գործը:

ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Գրասենեակ

Նախորդը

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Պէյրութ-Պէյրութ Մրցումը` Շաբաթ, 24 Փետրուարին

Յաջորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Հիմնական Դերակատարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Հիմնական Դերակատարութիւն

September 16, 2026
Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.