
Ռէալ Մատրիտի նախկին բերդապահ Իքեր Քասիաս, որուն պայմանագրութիւնը այժմու իր ակումբին` Փորթոյի հետ կ՛աւարտի այս ամրան, կը փափաքի ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը շարունակել «Քալչիօ»-ի մէջ:
Նշուեցաւ, թէ 36 տարեկան բերդապահը իր գործակատարէն խնդրած է, որ այս ուղղութեամբ փնտռտուքի աշխատանքին սկսի: