Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Արձանագրութիւններու Յետս Կոչման Ընդառաջ Նոր Պայմաններ, Նոր Փաստաթուղթ (Գ.)

February 21, 2018
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Արձանագրութիւնները բանակցուել էին` ելնելով եղած պայմաններից: Եթէ Թուրքիան ցանկանում է սպասել այլ պայմանների, ապա վաւերացնել արձանագրութիւնները, նա չարաչար սխալւում է: Նոր պայմաններում պէտք է բանակցուի նոր փաստաթուղթ: Հայաստանը նախապայմանների լեզուով չի խօսում, բայց չի էլ ընդունի որեւէ մէկի կողմից նախապայմանների առաջադրումը»:

Այս բաժինի վերջաբանը բազմիմաստ է: Պայմանները, որոնց մէջ ստորագրուած էին արձանագրութիւնները, փոխուած են: Եթէ մնանք ելոյթի բովանդակութեան սահմաններուն մէջ, հայկական կողմին համար այսօր արդէն առկայ են Եւրոպական Միութիւնն ու Եւրասիական տնտեսական Միութիւնը կամրջող հանգամանքը, ինչպէս նաեւ Պարսից ծոցի եւ Սեւ ծովու միջեւ ցամաքային միջանցքի դեր ստանձնելու կարելիութիւնները:

Այս առաւելները, որոնք ուղղակի չեն ընդգծուիր, հայկական կողմի դիրքերը աւելի կը զօրացնեն նախապայմանային քաղաքականութեան չենթարկուելու: Այս նոր պայմանները փաստօրէն նաեւ կը նուազեցնեն Թուրքիոյ պարտադրած շրջափակումի ազդեցութիւնը: Չմոռնանք, որ Մոսկուայի մէջ յայտարարուած ֆութպոլային դիւանագիտութեան մեկնարկի առանցքը կը վերաբերէր սահմանի բացումի առաջադրանքին: Այնտեղ կ՛ըսուէր, որ Անգարան հայկական կողմին կ՛առաջարկէ պատմական խնդիրները քննարկող պատմագէտներու համատեղ քննարկում. Երեւանը պատրաստ է ընդունելու այդ առաջարկը, պայմանով որ Թուրքիան բանայ սահմանը:

Այստեղ եթէ մէկ կողմէ պատմագէտներու միացեալ յանձնաժողովի կազմութեան համաձայնութիւն կը տրուէր, միւս կողմէ սակայն պայմանը խորքին մէջ կ՛ենթադրէր այն այլընտրանքային առաջարկը, որ կատարուած էր երկրորդ նախագահին կողմէ. փոխանակ պատմաբաններու միացեալ յանձնաժողովին,  յառաջացնել միջկառավարական յանձնախումբ քննարկելու  համար բոլոր խնդիրները: Սահմանի բացումը, ըստ էութեան պատմաբաններէն առաջ միջկառավարական յանձնաժողովի կազմութիւն կ՛ենթադրէր:

Յամենայն դէպս կարեւորը այն էր, որ առաջնային օրակարգը սահմանի բացումն էր, ինչ որ հիմա նոյն հրատապութեամբ չի դրուիր: Սահմանի բացումը ներկայ պայմաններուն մէջ չունի այն նշանակութիւնը, որ ունէր ֆութպոլային դիւանագիտութեան մեկնարկի օրերուն:

Նոր փաստաթուղթի մշակման անհրաժեշտութիւնը ընդգծելով ուրեմն կը շեշտուի այնպիսի արձանագրութեան մը կազմութիւնը, ուր պէտք է բացառել որեւէ նախապայմանի առաջ քշման իրաւադրոյթի ամրագրում: Ո՛չ ցեղասպանութեան հիմնախնդիրի քննարկման, ո՛չ ներկայ փաստացի սահմաններու ճանաչման երկկողմ պայմանագիրի, ո՛չ ալ բազմակողմ պայմանաւորուածութիւններով արցախեան թեմայի մասին անուղղակի ակնարկներու մեկնաբանութեան կարելիութիւն:

Անգարայի նախապայմանային վարքագիծը համոզած է հայկական կողմը, որ նոր փաստաթուղթին մէջ պէտք է ամրագրել, որ Երեւանն ու Անգարան կը ձեռնարկեն յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացի առանց որեւէ նախապայմանի:

Այստեղ կայ, գոյութիւն ունի նաեւ փոխզիջման տրամաբանութիւն: Հայաստանը նախապայմանային լեզուով չի խօսիր: Քաղաքականօրէն անօրինաչափ պիտի չըլլար, եթէ արծարծուէր Ցեղասպանութեան ճանաչումի նախապայմանը որեւէ բնականոնացման  կամ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման գործընթաց սկսելէ առաջ: Ուրեմն Երեւանը այդ նախապայմանը չ՛արծարծեր` ակնկալելով, որ Անգարա եւս Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը օրակարգէ հանելու, արցախեան տարածքներէ ուժեր հեռացնելու պահանջներ չարծարծէ:

Եթէ Թուրքիան կը սպասէր, որ պայմանները փոխուին եւ ապա վաւերացնէր արձանագրութիւնները, ապա հաշուարկի լուրջ սխալ ըրած է: Պայմաններու փոփոխութիւնը այս պարագային կ՛ենթադրուի ըլլալ արցախեան հարցին մէջ հայկական կողմէն պահանջուած քայլ. կամ նախապայմանային քաղաքականութեան հետեւելով հրաժարում ցեղասպանութեան ճանաչման օրակարգէն:

Յամենայն դէպս հաստատուած է արդէն որ`

Ա.- Թուրքիան կորսնցուցած է պատմական առիթը,

Բ.- Հայկական կողմը չի կրնար առյաւէտ սպասել եւ

Գ.- Նկատի ունենալով, որ փոխուած են պայմանները, Թուրքիոյ հետ բանակցելու համար անհրաժեշտ է նոր փաստաթուղթի մշակումը:

 

Նախորդը

Արցախեան Շարժումի 30-ամեակին Առիթով . «20 Փետրուարը Դարձաւ Ամբողջ Հայ Ժողովուրդի Վերածնունդի Օր» Շեշտեց Նախագահ Սարգսեան

Յաջորդը

Այցելութիւն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին Եւ Հայաստանի Հանրապետութան Դեսպանին

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.