Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան երէկ յայտարարեց, թէ Թուրքիոյ զինեալ ուժերը յառաջիկայ օրերուն պիտի շրջապատեն Աֆրին քաղաքը եւ արգիլեն քիւրտ զինեալներուն տրամադրուող օժանդակութիւնները: Ան երէկ Թուրքիոյ խորհրդարանին առջեւ իր արտասանած խօսքին մէջ աւելցուց, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի հետ իր ունեցած հաղորդակցութիւնները պատճառ դարձած են, որ սուրիական բանակին Աֆրինի մէջ տարածուիլը «կանխարգիլուի»:
«Կրնայ թուիլ, թէ գործողութիւնը նախատեսուածէն դանդաղ կ՛ընթանայ, սակայն իրականութեան մէջ մեր նպատակը այդ վայրը աւերելը չէ: Յառաջիկայ օրերուն (թրքական, «Ա.») զինեալ ուժերը պիտի մտնեն Աֆրինի կեդրոն, եւ այդպիսով` քրտական ջոկատները պիտի կտրուին նաեւ երկրի ներսէն ու դուրսէն ստացուող օգնութենէն», ըսաւ Էրտողան: Ան Ուաշինկթընը ամբաստանեց «ահաբեկիչներուն» զէնքերով բեռնաւորուած շուրջ 1000 բեռնատարներ յանձնելու յանցանքով:
Երէկ երեկոյեան, սակայն, Սուրիոյ կառավարամէտ աշխարհազօրէն ուժեր մուտք գործեցին Աֆրին: Սուրիական պետական պատկերասփիւռի կայանը ցոյց տուաւ կառավարամէտ զինեալներ, որոնք Սուրիոյ դրօշը բարձրացուցած եւ «սուրիացի ժողովուրդը մէկ է» բացագանչելով կ՛անցնէին քրտական ուժերու զինանշանները կրող անցարգելներէ:
ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ թրքական ուժերը հրետանիով ռմբակոծած են աշխարհազօրին գտնուած վայրերը: «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ աշխարհազօրը հակադարձած է: «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ թրքական հրետանին «զգուշացման կրակոցներ» արձակած է` աւելցնելով. «Վարչախմբամէտ ահաբեկչական խմբաւորումներ, որոնք կը փորձէին դէպի Աֆրին յառաջանալ, զգուշացման կրակոցներուն պատճառով քաղաքէն շուրջ 10 քիլոմեթր նահանջեցին»:
Էրտողան իր կարգին յայտարարեց, որ թրքական ուժեր սուրիական բանակին ստիպած են նահանջել` աւելցնելով, որ Անգարա որեւէ «միլիսի պիտի չարտօնէ քաղաք մուտք գործել եւ պիտի արգիլէ զայն»:
Աւելի ուշ, սակայն, «Եունիուզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ սուրիական աշխարհազօրը հակառակ թրքական ռմբակոծումին յաջողած է մուտք գործել Աֆրին քաղաք:
Քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ուժերու բանբեր Նուրի Մահմուտ յայտարարութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ քրտական ուժերը Դամասկոսին կոչ ուղղած են Թուրքիոյ յարձակումի ետ մղումին օժանդակելու: «Սուրիական կառավարութիւնը դրական ընկալեց հրաւէրը, անսաց պարտականութեան կանչին եւ երէկ, 20 փետրուարին ուժեր ուղարկեց սահմաններուն վրայ դիրքեր գրաւելու եւ մասնակցելու Սուրիոյ հողային ամբողջականութեան ու անոր սահմաններու պաշտպանութեան»:
Սուրիական պետական լրատուամիջոցներ երկուշաբթի օր հաղորդած էին, որ կառավարամէտ ուժեր պիտի ուղղուին Աֆրին` «միանալու համար թրքական յարձակումին դէմ դիմադրութեան»:
Նախքան այդ, գերմանական «Տի.Վի.Էյ.» լրատու գործակալութեան հետ զրոյցի մը ընթացքին Աֆրինի քիւրտ պաշտօնատարներէն մէկը պնդած էր.«Մենք շաբաթներ շարունակ այս հարցին շուրջ բանակցած ենք կառավարական զօրքերուն հետ, սակայն ռուսերը խոչընդոտներ կը ստեղծեն: Մենք հաւաստի տեղեկութիւններ ունինք, որ Ռուսիան Թուրքիոյ կանաչ լոյս տուած է եւ անոր արտօնած ջնջել Աֆրինի մէջ գտնուող ամէն բան»:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ յայտարարեց, որ «Աֆրինի մէջ կացութիւնը կրնայ դէպի լուծում ուղղուիլ Դամասկոսի եւ Անգարայի միջեւ ուղղակի երկխօսութեան ճամբով»` աւելցնելով.«Կը մերժենք արտաքին ուժերու կողմէ Աֆրինի մէջ կացութիւնը շահագործելու փորձերը»:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու թրքական «24» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ սուրիական բանակը «տակաւին մուտք չգործեց Աֆրին, եւ յստակ չէ, եթէ մուտք պիտի գործէ»:
«Սուրիական բանակի ուժերը Աֆրին մուտք չգործեցին, եւ այդ հարցին շուրջ հակասական տեղեկութիւններ գոյութիւն ունին», ըսաւ Չաւուշօղլու` աւելցնելով.«Սուրիական կառավարութիւնը Աֆրինի հարցով խնդիրի առջեւ կանգնած է»:



