Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 2-րդ կայանը հաղորդեց, որ էզանը արգիլող օրէնքին շուրջ քննարկումները վերականգնուած են եւ ստացած աւելի խիստ բնոյթ:
Քնեսեթին ներկայացուելիք օրէնքի բարեփոխուած տարբերակին համաձայն, իսրայէլեան ոստիկանութիւնը պիտի ներխուժէ այն մզկիթները, որոնք ըստ իրեն «աղմուկ կը հանեն», եւ պիտի գրաւէ բարձրախօսները եւ նուազագոյնը 10 հազար շեքելի տուգանք պիտի ճշդէ:
Նշեալ օրէնքը մարտ 2017-ին Քնեսեթին մէջ նախնական ընթերցումով որդեգրուած էր, սակայն մինչեւ հիմա սառեցուած էր: Օրէնքը Քնեսեթի ընդհանուր նիստին պիտի փոխանցուի առաջին ընթերցումով քուէարկութեան ենթարկուելու համար:
Ըստ իսրայէլեան պատկերասփիւռի կայանին, Իսրայէլի ներքին գործոց եւ կենսոլորտի նախարարներուն մասնակցութեամբ յանձնախումբը օրէնքը քննարկած է եւ համաձայնած խստացնել զայն:
Օրէնքը շուրջ 500 մզկիթներու կ՛արգիլէ, մասնաւորաբար գիշերուան եւ արշալոյսի ժամերուն էզան բարձրացնել` «չխանգարելու համար հարիւր հազարաւոր հրեաները եւ պահպանելու համար կենսոլորտի որակը»:



