Թրքական դիւանագիտական աղբիւրներ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեցին, որ Թուրքիան Սուրիոյ մէջ իր գործողութիւններուն ընթացքին երբեք քիմիական զէնք չէ կիրարկած:
Յիշեցնենք, որ քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներն ու Մարդկային իրաւանց սուրիական դիտարանը Թուրքիան ամբաստանած էին Աֆրինի մէջ քիմիական զէնքերով յարձակում գործելու յանցանքով:
«Անոնք անհիմն ամբաստանութիւններ են: Թուրքիան երբեք քիմիական զէնքեր չէ օգտագործած: «Ձիթենիի Ճիւղ» գործողութեան ընթացքին քաղաքայիններուն նկատմամբ չափազանց ուշադիր ենք», նշած է աղբիւրը, որ քիմիական զէնքերով յարձակումի պատճառով վեց վիրաւորներու արձանագրման լուրը նկատեց «սեւ քարոզչութիւն»:
Սպիտակ տունէն պաշտօնատար մը իր կարգին երէկ յայտնեց, որ Թուրքիոյ կողմէ քիմիական զէնքերու կիրարկումը «չափազանց անհաւանական» է: «Մենք տեղեակ ենք տեղեկատուութենէն, սակայն զայն չենք կրնար հաստատել», նշեց պաշտօնատարը` աւելցնելով. «Կը շարունակենք կոչ ուղղել ինքնազսպումի եւ Աֆրինի մէջ քաղաքայինները պաշտպանելու»:



