Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սանասարեան Խանը Կը Վերադարձուի Հայոց Պատրիարքարանին

February 19, 2018
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ժամանակ» կը հաղորդէ, որ Գումգաբուի աղբիւրները արձագանգ հանդիսացած են պոլսահայ համայնքին համար շատ դրական իրադարձութեան մը: Այսպէս, Պոլսոյ վճռաբեկ ատեանին կողմէ արձակուած դատավճիռի մը հիման վրայ, Սիրքեճիի պատմական Սանասարեան Խանի սեփականութեան իրաւունքը վերադարձուած է Պոլսոյ պատրիարքական աթոռին: Ասիկա կրնայ ճակատագրական նշանակութիւն ունենալ պատրիարքութեան յառաջիկայ գործունէութեան տեսակէտէն:

Այս ձեռքբերումը ապահովուած է պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ արք. Աթեշեանի կողմէ 3 յուլիս 2014-ին կատարուած դատական դիմումին հիման վրայ: Անոր կողմէ բացուած դատը շուրջ երեքուկէս տարուան իրաւական պայքարէ ետք տուած է դրական արդիւնք: Իրականութեան մէջ, այդ պայքարը ունի շատ աւելի վաղեմութիւն: Արդարեւ, պատրիարքական աթոռը այս պատմական խանի սեփականութեան իրաւունքը վերստանալու համար դատարան դիմած էր նախապէս, որպէսզի Վագըֆներու ընդհանուր տնօրէնութիւնը ընէ անհրաժեշտ կարգադրութիւնները: Սակայն Պոլսոյ 13-րդ հիմնական ատեանը առաջին փուլին արձակած էր ժխտական վճիռ, եւ այդ վճիռին բեկանման պահանջով պատրիարքութիւնը դիմած էր վճռաբեկ ատեան: Իրաւաբան Ալի Էլպէյօղլուի կողմէ կը ներկայացուէր պատրիարքութիւնը այս դատավարութիւններուն: Երկարատեւ եւ հետեւողական աշխատանքէ ետք ապահովուած է այս մեծ յաղթանակը: Այժմ պիտի կատարուին կալուածաթուղթի եւ համապատասխան արձանագրութիւններու կարգադրութիւնները:

Պէտք է նշել, որ Սանասարեան Խանը պատմականօրէն կտակուած է Էրզրումի երբեմնի համանուն վարժարանի մատակարարման նպատակով: Հանրապետական շրջանի սկիզբը,  այդ վարժարանի չգոյութեան պատճառով, այդ կալուածը կը տնօրինուէր Պոլսոյ պատրիարքութեան կողմէ, եւ օրուան գահակալը կամ առաջին դէմքը կը նկատուէր միակ խնամակալը: Կը նախատեսուի, որ յառաջիկային եւս վերահաստատուի նման դրութիւն մը: Այսինքն` այս կալուածին պարագային, պաշտօնապէս առանձին վարչական խորհուրդի մը կարիքը պիտի չըլլայ:

 

Նախորդը

Եուճելի Ազատ Արձակումէն Ետք. «Գերմանիան Ու Թուրքիան Բացայայտ Քաղաքական Առեւտուրի Մէջ Են» Կ՛ըսէ Փայլան

Յաջորդը

Նախագահը Ցաւակցական Հեռագիր Յղած Է Իրանի Նախագահին

RelatedPosts

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի  Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի  Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի  Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»

September 16, 2026
Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային  Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ  Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»
Հայկական

Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»

September 16, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.