Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վերահաստատելով Դիմադրութեան Զօրակցութիւնը Լիբանանեան Պետութեան` «Լիբանանի Պետութիւնն Է Որ Պիտի Պաշտպանէ Ծովային, Ցամաքային, Թէ Օդային Սահմանները» Ընդգծեց Սէյիտ Հասան Նասրալլա

February 17, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Պահեցի՛նք կտակը եւ գրեթէ շրջանցեցինք Դիմադրութեան դէմ շրջանային դառնագոյն պատերազմը», յայտարարեց Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ: «Պահեցինք կտակը» խորագիրով Հըզպալլայի նահատակներու յիշատակի ոգեկոչման ձեռնարկին արտասանած իր խօսքին մէջ Նասրալլա անդրադարձաւ շրջանային եւ տեղական, քաղաքական իրավիճակին, յատկապէս նաւթահորերու հարցին, երեսփոխանական յառաջիկայ ընտրապայքարին եւ առնչակից հարցերու:

«Կը թուի, թէ ամբողջ շրջանը ներմղուած է կազի ու նաւթի պայքարին մէջ», ըսաւ սէյիտ Նասրալլա` ընդգծելով, որ լիբանանեան պետութիւնն է, որ կրնայ պաշտպանել իր ծովային, ցամաքային, թէ օդային սահմանները: Լիբանանեան իշխանութիւնները պէտք չէ արտօնեն, որ «սատանաները երկպառակութիւն յառաջացնեն լիբանանեան կողմերուն միջեւ»: Նասրալլա շեշտեց միջլիբանանեան ներքին միասնականութեան կարեւորութիւնը: Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը շրջանային ու միջազգային ծաւալապաշտ տնտեսական ախորժակներու վերագրեց շեշտուող հետաքրքրութիւնը արտաքին կողմերուն մօտ: Ան յայտնեց, որ Իսրայէլ կ՛ուզէ օգտուիլ նախագահ Թրամփի իշխանութենէն, նաւթային առաւելագոյն շահեր ապահովել եւ Կոլանի բարձունքները միացնել Իսրայէլին:

«Երբ Իսրայէլ գրաւեց հարաւային Լիբանանը, ոմանք նկատեցին, որ ատիկա զիրենք չի հետաքրքրեր, այսօր Հարաւի մէջ նաւթային բնական հարստութիւնը Լիբանանի, բոլոր լիբանանցիներուն հարստութիւնն է», շեշտեց Նասրալլա` ժողովուրդին կեանքը  խոստմնալից հունի մէջ դնող հարստութիւն որակելով 9-րդ նաւթահորը: Ան դիտել տուաւ, որ այս տագնապին կիզակէտը ոչ թէ ցամաքային սահմաններն են, այլ` ծովային սահմանները, տնտեսական տարածքը եւ ջուրերը: «Ամերիկա կ՛ուզէ մեզի շնորհել ցամաքային «դիւրին» իրաւունքը` փոխարէնը փորձելով մեզմէ խլել մեր ծովային ջուրերու «դժուար» իրաւունքը», ընդգծեց սէյիտ Նասրալլա: Ան նշեց, որ հարաւային Լիբանանի մէջ սահմանագիծի ուղղութեամբ Իսրայէլ սկսած է պատնէշի կառուցման, որ տակաւին չէ հասած լիբանանեան սահմաններուն ու երբ հասնի, հարցը ա՛յն ատեն կը սկսի, եւ «Լիբանան վճռած է պայքարիլ անոր դէմ», շեշտեց սէյիտ Նասրալլա:

Այս գծով Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը միասնականութեան կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն, «որովհետեւ անիկա կարեւորագոյն գործօնն է  նուաճումի իրագործման` այս պայքարին մէջ»: Ան շեշտեց, որ Դիմադրութիւնը պիտի զօրակցի լիբանանեան պետութեան, որուն վերապահուած է երկրի ծովային, ցամաքային եւ օդային սահմաններու պաշտպանութիւնը: Սէյիտ  Հասան Նասրալլա քննադատեց ամերիկեան վարչամեքենան, «որ կ՛արգելակէ լիբանանեան բանակի հզօրացումը` զլանալով զայն նոր ու արդիական կազմածներով ու զինամթերքով օժտել: «Ամերիկացիք Իսրայէլի իրաւաբաններն են, եւ մի՛ յուսադրուիք ամերիկեան այս միջնորդութեամբ ու մի՛ ընդառաջէք անոնց սպառնալիքներուն, քանզի անոնք կը գործեն ի նպաստ Իսրայէլի շահերուն», ընդգծեց Նասրալլա:

Անդրադառնալով երեսփոխանական յառաջիկայ ընտրութեանց` Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը «արդար» որակեց լիբանանեան ընտրական նոր օրէնքը, զայն նկատելով երկրի քաղաքական կարեւորագոյն իրագործումը վերջին տասնամեակներուն: Նասրալլա հերքեց այն տեղեկութիւնները, թէ Հըզպալլա կ՛ուզէ մեծամասնութիւն ապահովել յառաջիկայ խորհրդարանին մէջ` նշելով, որ Հըզպալլան եւ Ամալ շարժումը վճռած են իրենց ընտրական դիրքորոշումը ամիսներ առաջ: Ընտրական դաշինքներուն վերաբերեալ սէյիտ Նասրալլա յայտնեց, թէ Հըզպալլա իր կեցուածքը վճռած է Ամալ շարժումին հետ, իսկ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան հետ դաշինք չկայ: Մուսթաքպալ հոսանքին գծով Նասրալլա յայտնեց, որ Հըզպալլա կոչ ուղղեց հանգստանալու, որովհետեւ ոչ ոք կոչ ուղղած է ընտրական դաշինք կնքելու այդ հոսանքին հետ: Ան դիտել տուաւ, որ Ազգային ազատ հոսանքին հետ Հըզպալլայի դաշինքը հաստատ ու ամուր է եւ այդ կապը չի խախտիր: Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան հետ քննարկումը բաց է ընտրական դաշինք գոյացնելու առնչութեամբ, նկատել տուաւ Հըզպալլայի ղեկավարը: Ան յայտնեց, որ յառաջիկայ երկուշաբթի կամ երեքշաբթի պիտի յայտարարէ Հըզպալլայի ընտրացանկը:

Նախորդը

Մագոգային Այցելութիւններով Դեսպան Սաթըրֆիլտ Կ՛Ուզէ Միջնորդել Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ

Յաջորդը

Խմբագրական. 1921-ի Եւ 1988-ի Փետրուարները

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.