Լիբանանի դահուկարշաւի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Լիբանանի 2017-2018 տարեշրջանի ախոյեանութեան գծով տեղի ունենալիք կրտսերներու ախոյեանութեան մրցումները, որոնք սկզբունքով տեղի պիտի ունենային 16-18 փետրուարին` Արզի մէջ, յետաձգուեցան բաւարար ձիւն գոյութիւն չունենալուն պատճառով:
Ինչ կը վերաբերի գլխաւոր ախոյեանութեան, որ սկզբունքով տեղի պիտի ունենար 23-25 փետրուարին, նոյն պատճառով յետաձգուեցաւ եւ այժմ տեղի պիտի ունենայ 13-15 մարտին:


