Յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին, Լիբանանի ժիւտոյի ֆետերասիոնը կատարեց 2017 տարուան մրցանակաբաշխութիւնը` ներկայութեամբ մարզական պատասխանատուներու, հրաւիրեալներու եւ մարզիկներու ծնողներու:
Այս մրցանակաբաշխութեան Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Մոհամետ Ֆընէյշի ներկայացուցիչն էր Ալի Ֆաուազ:
Ցուցադրուեցաւ յատուկ տեսերիզ մը, որուն ընթացքին ներկայացուեցան մարզիկներուն կատարած նուաճումներն ու յաջողութիւնները` տեղական թէ միջազգային մակարդակներու վրայ:
Լիբանանի ժիւտոյի ֆետերասիոնի նախագահ Ֆրանսուա Սաատէ մարզիկներուն մաղթեց նորանոր յաջողութիւններ:



