Ազրպէյճանի նախկին արտաքին գործոց նախարար Թոֆիկ Զուլֆուկարով քննադատած է ներկայ արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովը` ղարաբաղեան տագնապի լուծման գործին մէջ Հայտար Ալիեւի կողմէ մերժուած քաղաքականութիւն վարելուն համար:
Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, Զուլֆուկարով այս մասին գրառում կատարած է Դիմատետրի իր էջին վրայ:
«Քրաքովի մէջ կ՛առաջարկեն «փոքր փաթեթներ»-ու գաղափարը, ինչ որ առաջարկուած էր նաեւ նախապէս եւ մերժուած Հայտար Ալիեւի կողմէ: Այն ժամանակ գաղափարը առաջարկած էր Մինսքի խմբակի ռուս համանախագահ Վլատիմիր Քազիմիրովը, եւ անիկա մերժուած էր», գրած է ան:



