Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտարարեց. «Ամերիկացի զինուորներու կողմէ Թանաֆի շուրջ գտնուող 55 քառակուսի քիլոմեթր տարածքի մը բռնագրաւումը իրականութեան մէջ ահաբեկչական ՏԱՀԵՇ խմբաւորման մնացորդին համար ապահով գօտի մըն է»:
«Ամերիկեան ուժերուն սուրիական Թանաֆ շրջանին մէջ ներկայութիւնը կը նկատենք բռնագրաւում», յայտարարեց Զախարովա:
Ան յայտնեց, որ Եփրատ գետի արեւելեան ափին վրայ ամերիկեան գործողութիւնները ունէին սադրիչ բնոյթ, որովհետեւ ամերիկացիք «հաւատարմութիւն ցուցաբերեցին իրենց քիւրտ դաշնակիցներուն եւ գրեթէ բաց ճակատումի մէջ մտան սուրիական բանակին հետ»:
«Ամերիկացիները Թուրքիան կը գրգռէին, երբ իրաքեան հողերուն ճամբով քիւրտերուն ուղղուած զէնքերով նոր կարաւաններ ուղարկեցին», ըսաւ Զախարովա:
«Տեղեկութիւններ ունինք, թէ Ժէյշ Իսլամը կ՛արտօնէ քիմիական զէնքի օգտագործման պնդումին շուրջ հետաքննութեան համար փորձագէտներուն մուտքը», ըսաւ ան:
«Անցեալ շաբաթ Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած ամերիկեան հարուածներուն պատճառով ռուս զոհերու լուրերը պարզապէս ապատեղեկատուութիւն են, որովհետեւ անոնց թիւը ո՛չ 400 էր, ո՛չ 200, ո՛չ 100 եւ ո՛չ ալ 10», ըսաւ Զախարովա` աւելցնելով, որ նշեալ զինեալ յարձակումին ընթացքին, ըստ նախնական տուեալներու, արձանագրուած են 5 զոհեր, որոնք կրնան Ռուսիոյ քաղաքացիներ ըլլալ, սակայն հարցը հետաքննութեան կը կարօտի, մասնաւորաբար անոնց քաղաքացիութեան հարցին շուրջ:



