«Մայատին»-ի սեփական մէկ աղբիւրը կը հաղորդէ, որ Սուրիոյ կառավարութեան հետ բանակցութիւնը յառաջիկայ քանի մը օրուան ընթացքին պիտի յանգի գործնական արդիւնքի: Մինչ այդ, սուրիական աղբիւրներ կը յայտնեն, որ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ Մըքտատի` Աֆրինը պաշտպանելու վերաբերեալ խօսքի գործադրութիւնը մօտալուտ է:
Ըստ «Մայատին»-ի, Դամասկոս քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներուն կ՛աջակցի, եւ քիւրտ զինեալներ Ժազիրայէն Աֆրին փոխադրուած են:
«Մայատին» նաեւ կը նշէ, որ Հալէպի նահանգին պատկանող Ժանտիրս քաղաքը տակաւին ամբողջովին քրտական ուժերուն վերահսկողութեան տակ է:
Միւս կողմէ, Ժանտիրսի մէջ ցուցարարներ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան ղեկավար Ապտիւլլա Օճալանի ձերբակալման 19-ամեակին առիթով ուղղուած են թրքական ու քրտական ուժերուն միջեւ բախումի առաջին գիծ եղող Թել Համամ գիւղ` Աֆրինի վրայ թրքական յարձակումին դէմ բողոքի ցոյց կատարելու համար:
Սուրիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Ֆայսալ Մըքտատ չորեքշաբթի օր յայտնած էր, որ Աֆրինը սուրիական հողերուն մէկ անքակտելի մասն է եւ անոր մէկ սանթիմեթրը իսկ պիտի չզիջուի` աւելցնելով, որ այդ շրջանին վրայ «թրքական յարձակումին» դէմ աշխատանք կը տարուի: Ան շրջանի արաբ եւ քիւրտ բնակիչներուն կոչ ուղղեց դիմակայելու թրքական յարձակումը:
Մըքտատ նաեւ յայտարարեց, որ Դամասկոս սուրիական օդային տարածքին մէջ թռչող որեւէ օդանաւ իսրայէլեան օդանաւին նման վար պիտի առնուի:



