Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (16 Փետրուար 1968)

February 16, 2018
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ունեցածդ Մարդու Սիրտ Կը Կարծէի

Նուիրատուութիւն եւ հանգանակութիւն` նուիրատու եւ հանգանակիչ` յաճախ սիրալիր բարեկամութիւն մը կը ստեղծուի երկուստեք, ազնիւ նպատակի մը շուրջ համախումբ տրամադրութենէն իրար հանդիպած ըլլալու զօրացումով մը, ուր հարսանեկան պահի մը վայելքը կ՛ըմբոշխնեն մարդիկ, երբ նուիրաբերումի ներդաշնակ երգ մը կը հնչեցնեն կեանքի տաւիղին վրայ:

«Տասանորդ»-ի արդար բաշխումով մը վաստակը կը դառնայ արժանի` իր Տիրոջը, դարերու օրէնքով սրբացած:

Այս գիտակցութեամբ ապրողներ կը վայելեն կեանքը` իրենց շուրջ ստեղծելով համապատասխան ապրում…

Նուիրատու եւ հանգանակիչ` երբեմն չենթարկուելու եւ ենթարկուելու ճիգով մրցորդներ են: Լուռ պայքար մը կը ստեղծուի առաջին ակնթարթէն. ներքին արագ վազք մը: Իրար հրմշտկող պայքարով կը պրկուին ջիղերը: Խաղաղ արտաքինով ծածկուած անհանգստութիւն մը կայ կողմերուն մէջ` մինչեւ տիրող ցաւերէն ի վերջոյ ծնի պատշաճ նուիրատուութիւն մը այսինչ նպատակին:

Ազգային ձեռնարկի մը գաղափարին հետ համաձայն են բոլորը, բայց համաձայն չեն իրենց կարողութեան չափով մասնակցելու կարեւոր հարցին մէջ: Անթիւ տեղեր անհաշիւ կը ծախսեն, իսկ հանրային ձեռնարկի մը դիմաց կը սմքին, կը դեղնին ու համաճարակի սարսափ մը կ՛ապրին:

Սփիւռքի հայ ոստաններու մէջ յաճախակի են նման պահեր: Նման կացութիւն մը վիճակուեցաւ ինծի, երբ փայտի հարուստ վաճառատան մը առջեւ, գտայ ինքզինքս: Տրցակ մը ստացագրերով հանգանակութեան ելած էին Մեծ եղեռնի յուշարձանի կառուցման ֆոնտին հաշուոյն: Երբ վաճառատան հայ անունը կը փնտռէի, սեփականատէրը, ներսը, հեռաձայնային յարաբերութեան մը մէջ էր. գտաւ առիթը շարժումով մը զիս ներս հրաւիրելու` խորհելով անպայման, որ զինք փնտռող յաճախորդ մըն էի: Մտայ ներս: Անձայն շարժումով հարցուց, թէ ի՛նչ կ՛ուզեմ, ու ընկալուչը ականջին եւ ակնարկը դէմքիս` կը սպասէր պատասխանիս: Անձայն ստացական տետրերէս մէկը բացի ու ցոյց տուի իրեն յուշարձանի նկարը, որուն տակ արձանագրուած էր նաեւ այցելութեանս միտք բանին: Դէմքը կամաց ձախ դարձուց, սիրալիր տրամադրութիւնը կորսուեցաւ: Քիչ ետք խօսակցութիւնը վերջացաւ ու ընկալուչը հանդարտ իր տեղը զետեղեց, իմ կողմս նայեցաւ տատամսումով.

– Ինչպէ՞ս էք, հայրենակի՛ց,- հարցուցի` նոր ծանօթացողի մը քաղաքավարութեամբ:

Կարմրած էին դիմագծերը, խոշորցած էին աչքերը ու նուաղած` ձայնը: Կարծես ինք ալ ամչցած ըլլար իր լուռ մտածումէն, որ սկսած էր զինք տանջել: Պատասխանեց` գետին նայելով…

Մարսուած էր բառը բերնին հասած ու ձայնի վերածուած… պարզ էր ու հասկնալի իր տրամադրութիւնը ձեռնարկին հանդէպ:

Կը մնար իրմէ կրած տպաւորութիւնս փոխանցել իրեն: Նայեցայ աչքերուն մէջ խորունկ ու շեշտակի: Անխնայ յարձակումիս թիրախը դարձուցած էի զինք:

– Գործ չունինք, դրամ չկայ, գանձումներս չեմ կրնար ընել, գործաւորներուս հաշիւը չեմ կրնար տալ. օր մը մեծ նուիրատուութիւն մը կ՛ընենք մեր անունով, կը վերջացնենք,- ըսաւ ու ու սկսաւ փողոցի անցորդները դիտել` իր պարտականութիւնը վերջացուցածի պէս:

Արգահատանքի մէկ ժպիտս զինք զգետնեց, ու շարունակեցի.

– Այո՛, այդպէ՛ս, անմիջապէս վերածուեցար բանի մը, զոր երբեք պիտի չուզէի մաղթել, բայց վերածուեցա՛ր, որովհետեւ դրամ վճարելու պարտաւորութիւն մը զգացիր եւ արդէն մարսուեցար:

– Գիտե՞ս ինչ,, շարունակեցի,- երկիր, մեր հարուստներուն ահագին ոսկիները մնացին թիթեղներու մէջ` հողի տակ թաղուած, ու երբ անոնցմէ մէկ հատիկ մը ուզուեցաւ ազգին համար, անոնք եւս մերժեցին, բայց ետքը դիւրաւ տուին իրենց գլուխը: Քու նմաններուդ պատճառով մեր դիմադրականութիւնը չզօրացա՜ւ… եւ ահաւասիկ… Այս վաճառատունը քեզի կը պատկանի, քեզի կը պատկանին տակաւին ուրիշ բաներ, որոնցմով հետաքրքրուելու պէտքը չունիմ, բարո՛վ վայելես: Իսկ յուշարձանը մեզի կը պատկանի, որուն մէջ մե՛նք կանք, այսինքն` դո՛ւն եւ ես: Երբ անցնիս իր առջեւէն, ներքին գոհունակութիւնը պիտի ունենաս, որ դուն ալ մասնակցած ես իր կառոյցին: Այդ ուրախութեան կ՛ուզեմ մասնակից դարձնել քեզ: Զայն հայերը բարձրացուցած են` պիտի գոչեն: Լա՛ւ գիտցիր, առանց քեզմէ բան մը առնելու` չեմ երթար:

Վաճառատան մէջ խօսելու համարձակութիւնս զինք վերածած էր պատահական դրսեցիի մը` նստած գրասեղանին ու դրամարկղին առջեւ. շիկնանքով համաձայնած էր ըսածներուս ու հիմա կ՛աշխատէր, որ իբրեւ բարեկամ` նստէի դիմացը ու լսէի զինք.

– Ամէն օր կը տեսնեմ արձանին բարձրանալը:

– Դուն պիտի մասնակցիս այդ բարձրացումին, ու պիտի առնեմ` ինչ որ սրտէդ կը բխի եւ անպայման…

Զգաստացած էր. վճռակամութեամբ կը նայէր տոմսերուս. հպարտանքով մը սեղանին վրայ երկու թղթոսկի դրաւ, նայուածքը հեռացուց, չհանդիպելու համար խուզարկող ակնարկիս, բայց ականջները չկրցաւ փակել ու ակամայ լսեց ձայնիս մէջէն նաեւ ուրիշ բացատրութիւններ.

– Այս ի՞նչ է,- հարցուցի զարմացած:

Երկչոտ նայուածքով մը նայեցաւ աչքերուս ու տատամսումով ըսաւ.

– Այն, որ սրտէս կը բխի… Դուք այդպէս չըսի՞ք:

– Ունեցածդ մարդու սիրտ կը կարծէի, այս պայմաններուդ մէջ կը տեսնեմ ուրիշ բանի սիրտ է… Նուազագոյն սակը հինգ թղթոսկի է համեստ պայմաններու մարդոց զգացումները յարգելու մտօք սահմանուած, գոնէ՛ այդ սիրտը ունեցիր: Դրացիդ` Գասպարը, քսանհինգ տալ ուզեց, զայն քիչ գտայ, ուզածդ ըլլայ, ըսաւ, յիսուն վճարեց եւ սիրով…

– Տուր հինգ ոսկինոց ստացական մը, աւելի չեմ կրնար տալ:

– Ես ալ աւելին չեմ առներ, տուր անունդ, մականունդ, հօրդ անունը:

Արձանագրեցի տետրակին մէջ, նաեւ` այն տխուր իրողութիւնը, զոր ապրեցայ այդ վայրկեաններուն մեծահարուստի թշուառութեան դիմաց…

Այսպիսի դէպքերու ի՜նչ տխուր դրուագներ կը պատմուին: Այսպէս, երբեմն մարդիկ հանգանակիչներու շունչը, խանդն ու ժամանակը կը յաջողին գողնալ…

Իսկ հանգանակիչները միշտ համբերող, միշտ զգաստ ու նպատակի յաղթանակովը գինով` պիտի քալեն բոլոր տեսակի ճամբաներէն…

Յ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Իրաքի Հայոց Թեմի Առաջնորդին Այցը Մուսուլի Հայկական Եկեղեցիներ

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.