Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ԱՆԴԱՄ ՎԻԿԵՆԻՆԸ

November 12, 2011
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց Եւրոպական խորհրդարանի անդամ, Եւրոնեսթի համանախագահ Քրիսթիան Վիկենինը:

Նախագահը կարեւոր նկատեց Քրիսթիան Վիկենինի Հայաստան այցելութիւնը, որ լաւ կարելիութիւն կ՛ընձեռէ տեղւոյն վրայ ծանօթանալու Հայաստանի եւ շրջանի զարգացումներուն, ներկայ խնդիրներու բնոյթին եւ մարտահրաւէրներուն: Սերժ Սարգսեան յոյս յայտնեց, որ այցելութիւնը նաեւ պիտի նպաստէ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններու յաւելեալ ամրապնդման եւ զարգացման:

Անդրադառնալով Արեւելեան գործընկերութեան ծիրին մէջ Եւրոպական Միութեան երկիրներու եւ Եւրոպական Միութեան արեւելեան դրացիներուն միջեւ համագործակցութեան խորհրդարանական պլատֆորմի` Եւրոնեսթի գործունէութեան, զրուցակիցները զայն մասնակից նկատեցին երկիրներու միջեւ փոխադարձ ըմբռնման, ինչպէս նաեւ երկխօսութեան խթանման, կապերու սերտացման եւ համագործակցութեան օգտակար բեմ:

Ք. Վիկենին նշեց, որ խորհրդարանականներու միջեւ փոխադարձ գործակցութեան արդիւնքները արդէն տեսանելի են եւ իր այցելութիւնը նպատակ ունի նաեւ խրախուսել այդ գործակցութիւնը:

Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստանի մէջ իրականացուող բարեփոխումներուն: Ընդգծելով, որ Եւրոպական Միութեան հետ Հայաստանի յարաբերութիւնները հիմնուած են ընդհանուր արժեհամակարգի վրայ, նախագահ Սարգսեան նշեց, որ Հայաստանի մէջ իրականացուող բարեփոխումները առանցքային նշանակութիւն ունին Եւրոպական Միութեան եւ Միութեան անդամ պետութիւններուն հետ Հայաստանի համագործակցութեան զարգացման առումով:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան եւս երէկ ընդունեց Եւրոպական խորհրդարանի անդամ Քրիսթիան Վիկենինը:

Ողջունելով հիւրը, Է. Նալբանդեան նշեց, որ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն համակողմանի համագործակցութեան ընդլայնումը մշտապէս հանդիսացած է Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններէն եւ վերջին շրջանին երկկողմանի փոխադարձ այցելութիւններու ու հանդիպումներու ակնառու յաճախակիութիւնը անոր վկայութիւններն են:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Հայաստան-Եւրոպական Միութեան փոխադարձ գործակցութեան վերաբերող հարցեր եւ անդրադարձ կատարուեցաւ Արեւելեան գործընկերութեան ծիրին մէջ ընթացող Ընկերակցութեան համաձայնագիրին շուրջ բանակցային հոլովոյթի ներկայ հանգրուանին եւ Եւրոնեսթի շրջագիծին մէջ փոխադարձ գործակցութեան:

Է. Նալբանդեան եւ Քրիսթիան Վիկենին ընդգծեցին միջխորհրդարանական համագործակցութեան դերակատարութիւնը` նշելով, որ ատիկա երկխօսութեան եւ փոխադարձ ըմբռնման համար արդիւնաւէտ բեմ կը հանդիսանայ:

Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ միջազգային եւ շրջանային շարք մը հարցերու:

Հիւրին խնդրանքով նախարար Նալբանդեան ներկայացուց արցախեան տագնապի խաղաղ լուծման հոլովոյթի վերջին զարգացումները:

 

 

 

Նախորդը

ՀԱՆՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՉԻ ՇՏԱՊԵՐ ՅԱՅՏԱՐԱՐԵԼՈՒ ԻՐ ԹԵԿՆԱԾՈՒԻՆ ԱՆՈՒՆԸ

Յաջորդը

ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՍԹԻՎ ՎՈԶՆԵԱՔԸ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.