Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարդանանցի Եւ Բարեկենդանի Նշում Ազգային Միացեալ Վարժարանին Մէջ

February 14, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Չորեքշաբթի, 7 փետրուար 2018-ի առաւօտեան Ազգային Միացեալ վարժարանի բակին մէջ տեղի ունեցաւ աշակերտական հաւաք մը, որուն բացումը կատարեց վարժարանի հայերէնի համակարգող Նազելի Աւագեան: Ան ողջունեց Ղեւոնդ քհնյ. Լոշխաճեանը, վարժարանի տնօրէն խորհուրդը, որմէ ետք հրաւիրեց տարիներու կրթական մշակ, ազգային գործիչ եւ նախկին տնօրէն Յովիկ Պերթիլզեանը, որպէսզի խօսի օրուան խորհուրդին մասին:

Ձեռնարկին պատգամախօսը անդրադարձաւ Վարդանանաց տօնին, շեշտեց անոր կարեւորութիւնը մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս: Ան ըսաւ. «Վարդանանց ճակատամարտի հերոսներուն սխրանքին շնորհիւ մենք մեզ պահած ենք` պահելով մեր հաւատքը ու  կը գոյատեւենք: Դեռ աւելի՛ն, հարկ է այդ գոյատեւման ընթացքին չմոռնալ նաեւ հայութեան  բռնագրաւուած հողերը եւ ի գին ամէն զոհողութեան` հարկ է որ պայքարինք վերատիրանալու համար անոնց: Վարդանանք պայքարեցան խաչերով եւ սուրերով: Անոնց օրինակը միշտ վառ պէտք է մնայ սերունդէ սերունդ»:

Ան պատգամը աւարտեց «Մահ իմացեալ անմահութիւն է, մահ ոչ իմացեալ մահ է» Վարդանանց խօսքով` շեշտելով, որ հաւատքի եւ հայրենիքի պահպանման համար  գիտակցօրէն դէպի մահ երթալը մեծ զոհաբերութիւն մըն է. հարկ է որ մենք հաւատարիմ մնանք Աւարայրի հերոսներուն եւ խոստանանք շարունակել անոնց երթը:

Աշակերտական հաւաքը փակուեցաւ տէրհօր պահպանիչով, որմէ ետք աշակերտները ունկնդրեցին հայրենասիրական երգեր ու բարձրացան իրենց դասարանները:

***

Մանկապարտէզի փոքրիկները եւս ունեցան իրենց յատուկ յայտագիրը:

Անոնք համախմբուեցան մանկապարտէզի շրջափակին մէջ եւ իւրաքանչիւր դասարան իր ելոյթը ունեցաւ: «Քաջ Վարդան», «Իմ հայրենեաց հոգի Վարդան» երգերը եւ «Հայ եմ ես», «Քաջ Վարդանի տօնն է այսօր» ոտանաւորները Վարդանանց խորհուրդը փոխանցեցին եւ ներշնչեցին բոլորը:

Նոյն օրն իսկ, յետմիջօրէին եւ երեկոյեան, վարժարանի աշակերտութիւնը` մանկապարտէզէն մինչեւ երկրորդականի դասարանները նշեցին Բարեկենդանի տօնը:

Ձեռնարկին յատկանշական էին երեխաներուն ծպտուած տարազները: Անոնք վարժարանի սրահին մէջ, երգեցին ու պարեցին մեծ խանդավառութեամբ: Ապա դատական կազմը ընտրեց լաւագոյն ծպտուող աշակերտները:

Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան նաեւ ծնողները, որոնք եւս մասնակից դարձան իրենց զաւակներուն ուրախութեան:

Նախորդը

Վարդանանց Տօնակատարութիւնը Սրբոց Հռիփսիմեանց Բարձրագոյն Վարժարանին Մէջ

Յաջորդը

Կազմակերպութեամբ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցասիրաց Եղբայրակցութեան. Վարդանանց Հաւատամարտի Տօնակատարութիւն

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.