Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՇՆՈՐՀԻՒ ՀԱՅ ՈՒՍԱՆՈՂՆԵՐՈՒ ՋԱՆՔԵՐՈՒՆ ՔԱՆԱՏԱՅԻ ՄԷՋ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆԸ ՅԱՅՏՆՈՒԱԾ Է ԱՆՀԵԹԵԹ ՎԻՃԱԿԻ ՄԷՋ

November 12, 2011
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Դեսպան Աքկիւնայ

«Նիուզ.ամ» կը հաղորդէ, որ 9 նոյեմբերին Միացեալ Նահանգներու «Թաֆթ» համալսարանի «Ֆլեչըր» դիւանագիտական եւ իրաւունքի դպրոցին մէջ դասախօսութիւն մը տուած է Քանատայի մէջ Թուրքիոյ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ռաֆեթ Աքկիւնայ, որ նախապէս Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի արտաքին քաղաքական հարցերով գլխաւոր խորհրդականը եղած է:

Հակառակ այն իրողութեան, որ դասախօսութիւնը վերնագրուած էր «Թուրքիա եւ Մերձաւոր Արեւելքը», թուրք դեսպանը լայնօրէն անդրադարձած է հայ-թրքական յարաբերութիւններու արդի փուլին: Ան մասնաւորաբար նշած է, որ Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններու վաւերացումը առկախուած է, որովհետեւ Երեւան ներքին եւ սփիւռքի հետ խնդիրներ ունի եւ չի կրնար քաղաքական կամք դրսեւորել` վաւերացնելու համար արձանագրութիւնները:

Դասախօսութեան ներկայ հայ ուսանողները դեսպան Աքկիւնային յիշեցուցած են, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը, ինչպէս նաեւ միջազգային հասարակութեան այլ ներկայացուցիչներ բազմաթիւ անգամներ նշած են, որ գնդակը թրքական դաշտին մէջ է, եւ կարիք չկայ լսարանը ապակողմնորոշել փորձելու: Հայ ուսանողները նաեւ նշած են Թուրքիոյ կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտման ուղղուած քայլերը, որոնց թուրք դեսպանը չէ կրցած պատասխան գտնել:

Ուսանողները ընդգծած են նաեւ թուրք դեսպանին կողմէ այդքան գովաբանուած «շրջանային համագործակցութեան եւ դրացիներու հետ զերօ խնդիրներու քաղաքականութեան» սնանկութիւնը եւ փաստացի վերածումը «շատ շատ խնդիրներ դրացիներու հետ» քաղաքականութեան` հարցնելով, թէ ռազմավարութեան եւ քաղաքականութեան մէջ այս շեղումին համար ո՞վ պատասխանատու է:

Քանատայի մէջ Թուրքիոյ դեսպանը ընդունելով, որ ատիկա ճիշդ է, սկսած է շփոթահար պատասխանել եւ արդարացումներ փնտռել, ինչ որ դարձեալ ներկաներու աչքին սասանած է անոր դասախօսութեան առանցքը:

«Ֆլեչըր»ի դիւանագիտութեան եւ իրաւունքի դպրոցը հիմնադրուած է 1933-ին եւ կը հանդիսանայ Միացեալ Նահանգներու եւ ամբողջ աշխարհի դիւանագիտական յառաջատար դպրոցներէն մէկը:

Նախորդը

ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՎԱՒԵՐԱՑՈՒՑ ՆԱԽԱՐԱՐԱԿԱՆ ԵՒ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԱԿԱՆ ՊԱՇՏՕՆՆԵՐԸ ԱՆՋԱՏԵԼՈՒ ՈՐՈՇՈՒՄԸ` ԱՌԱՆՑ ԱՆՈՐ ՄԷՋ ՆԵՐԱՌԵԼՈՒ ՎԱՐՉԱՊԵՏԸ

Յաջորդը

ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ ԹՈՒՐՔԵՐԸ ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻՆ ԿՈՂՄԷ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՃԱՆԱՉՄԱՆ ԴԷՄ ՍՏՈՐԱԳՐԱՀԱՒԱՔԻ ՍԿՍԱԾ ԵՆ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.