
Հայկական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի կազմերէն Արարատ պայմանագրութիւն մը կնքեց հայրենի ֆութպոլիստ Գէորգ Օհանեանի հետ:
Արարատի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ Արարատ – Լոռի մրցումէն ետք, 26 տարեկան միջնապահը պաշտօնապէս միացաւ մայրաքաղաքի կազմին: