
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց նախկին նախարար Ֆարես Պուէյզը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը եւ շրջանը յուզող հարցերը, որոնցմէ կարեւորագոյնը եղաւ Սուրիոյ զարգացումներուն նկատմամբ Լիբանանի կեցուածքը:
Հանդիպումէն ետք իր կատարած յայտարարութիւններուն մէջ Պուէյզ շեշտեց, որ Լիբանանի գերագոյն շահերը կը պահանջեն, որ ան չէզոք մնայ սուրիական իրադարձութիւններուն առումով: Միւս կողմէ, ան մաղթեց, որ Սուրիոյ մէջ բարեկարգումները իրագործուին կայունութեամբ եւ խաղաղութեամբ:
Ան խստիւ դատապարտեց լիբանանեան կարգ մը ուժերու կողմէ Սուրիոյ ներքին հարցերուն միջամուխ ըլլալու քայլերը: «Լիբանան պէտք է մէկ կեցուածք որդեգրէ Սուրիոյ իրադարձութիւններուն նկատմամբ եւ լաւ կ՛ըլլայ, որ այդ կեցուածքը ըլլայ չէզոք», ըսաւ Պուէյզ:
Անդրադառնալով Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին ֆինանսաւորման` Պուէյզ յայտնեց, որ իր կարծիքով, Լիբանան չի կրնար հանդուրժել Միջազգային դատական ատեանը չֆինանսաւորելու հետեւանքները, թէ՛ քաղաքական եւ թէ՛ տնտեսական առումով:
Պըրրիի այցելուներէն եղաւ նաեւ երեսփոխան Ռոպեր Ֆատել:


