Վարկանշային ընտրակարգը չի կրնար պատճառ դառնալ «ՀՀԿ-ՀՅԴ» համագործակցութեան յուշագիրը չեղեալ յայտարարելու: Ազգային ժողովի ճեպազրոյցներու ժամանակ յայտարարեց ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան` պատասխանելով այն հարցումին, թէ տեղի՞ն են այն դիտարկումները, թէ վարկանշային ընտրակարգին շուրջ ՀՀԿ-ի եւ ՀՅԴ-ի միջեւ տարակարծութիւններ կան, եւ կարելի՞ է, որ անիկա դառնայ համաձայնական կառավարութեան գործընկերներու քաղաքական ապահարզանի պատճառ:
«Բանակցութիւններու փուլին մէջ զանազան յայտարարութիւններ կ՛ըլլան, բայց այս փուլին ձեռնպահ եմ, թէ ինչու ՀՀԿ-ն կը պաշտպանէ վարկանշային ընտրակարգը: Բայց վարկանշային ընտրակարգը նախապայման չէ եղած «ՀՀԿ-ՀՅԴ» համագործակցութեան յուշագիրի համար», ըսաւ Ռուստամեան` շեշտելով, որ անիկա կրնայ դառնալ յարաբերութիւնները հետագային աւելի սերտացնելու հարց, թէեւ չի կարծեր, որ գերակայ հարց է:
Արմէն Ռուստամեան շեշտեց, թէ համաձայնական դաշինքէն բխող ծրագիրներ ունին, որոնք պէտք է կեանքի կոչել մինչեւ 2020 թուական, եւ պարտաւոր են իրականացնել զանոնք` յօգուտ ժողովուրդին:
Ռուստամեան յիշեցուց, որ վարկանշային ընտրակարգին շուրջ տարակարծութիւնը գոյութիւն ունէր նաեւ մինչեւ համաձայնական դաշինքի գործընկեր ըլլալը, եւ անոր մասին իրենք բազմիցս բարձրաձայնած են:



