Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (13 Փետրուար 1968)

February 13, 2018
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազգային Կեանք

 Ազգային Գաւառական
Ժողովի Ա. Նստաշրջանը

Լիբանանահայոց առաջնորդ Տաճատ արքեպիսկոպոսի հրաւէրով եւ նախագահութեամբ, ուրբաթ, 9 փետրուարին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Ազգային առաջնորդարանի դահլիճին մէջ գումարուեցաւ Ազգային Գաւառական Ժողովին Ա. նիստը:

Նախորդ ատենագրութեան ընթերցումէն ետք ժողովը վաւերացուց վիճակով դադրած երեսփոխաններու տեղ նորընտիր երեսփոխաններու օրինական ընտրութիւնը:

Ապա տեղի ունեցաւ նոր նստաշրջանի դիւանին ընտրութիւնը: Ա. ատենապետ վերընտրուեցաւ Յակոբ Տէր Մելքոնեան, Բ. ատենապետ Ներսէս Ներսէսեան: Ա. ատենադպիր ընտրուեցաւ մեթր Վարդգէս Շամլեան, Բ. ատենադպիր` Ռուբէն Հացագործեան:

Այնուհետեւ կարդացուեցան Ազգային վարչութեան Կրօնական եւ Քաղաքական ժողովներու երկամեայ գործունէութեանց տեղեկագիրները, ինչպէս նաեւ նախկին առաջնորդարանի եւ Ս. Նշան վարժարանի ազգային հողի շահագործման եւ շինութեան տեղեկագիրը:

Ժողովը, իր նիստը փակեց ժամը 9:00-ին` շարունակելու համար յառաջիկայ ուրբաթ, 16 փետրուարին, երեկոյեեան ժամը 6:30-ին, Ազգային առաջնորդարանի դահլիճին մէջ:

***

Նոր Սիսի Սուրբ Սարգիս Եկեղեցւոյ
Տօնակատարութիւնը

Կիրակի, 11 փետրուարին, Ս. Սարգիս զօրավարին տօնին առիթով, մեծ հանդիսութեամբ տեղի ունեցաւ Նոր Սիսի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ անուան տօնակատարութիւնը:

Հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը, առաւելաբար սիսեցի հայրենակիցներ, լեցուցած էին եկեղեցին ու բակը:

Պատարագեց եւ քարոզեց լիբանանահայոց առաջնորդ Տաճատ արք. Ուրֆալեան: Յաւարտ Ս. պատարագի տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն սիսեցի նահատակներու հոգւոյն խաղաղութեան համար: Ապա` մատաղօրհնութիւն:

Կէսօրին Նոր Սիսի Թաղական խորհուրդին կողմէ ճաշկերոյթ մը տրուեցաւ «Ազիրեան» ակումբի սրահին մէջ:

Ներկայ էին առաջնորդ սրբազանը, պետական հայ երեսփոխաններ Մովսէս Տէր Գալուստեան, մեթր Խաչիկ Պապիկեան, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Յակոբ Աշճեան, Ազգ. Գաւառական ժողովի երեսփոխաններ, Պուրճ Համուտի Թաղական խորհուրդներու ներկայացուցիչներ, ազգային վարժարաններու տնօրէններ, միութիւններու ներկայացուցիչներ, ազգային երեւելի անձնաւորութիւններ եւ սիսեցի հայրենակիցներ:

Անդրանիկ Ուրֆալեան, յանուն թաղական խորհուրդին, բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն: Կենաց բազմաթիւ բաժակներ առաջարկուեցան: Ճաշկերոյթը անցաւ ուրախ տրամադրութեամբ եւ վերջ գտաւ սրբազան հօր փակման խօսքով ու աղօթքով:

 

Ճշմարտախօս Թուրքը

Վերի խորագրին համար, ընթերցողներուն ներողամտութիւնը կը խնդրենք:

Թուրքը ճշմարտախօ՜ս:

Որքան ալ անկարելի թուի, կրնայ պատահիլ: Հաւանաբար` ակամայ: Բայց վերջապէս այդպէս է, սակայն տեսէք, թէ ինչպէ՛ս:

Թրքական թերթի մը մէջ` «ԱԳՇԱՄ», թուրք հրապարակագիր մը` Չեթին Ալթան շատ դառն խօսքեր ունի Ամերիկայի հասցէին: Կը կարդանք մեր երկրորդ էջին մէջ եւ կը դատէք: Կը դատէ մանաւադ Ամերիկան…

Կարեւորը, այդ յօդուածին մէջ, մեր հայեցողութեամբ, հետեւեալն է.

«Իրականութեան մէջ,- կ՛ըսէ Ալթան,- Թուրքիա այսօր աշխարհի վրայ ամէնէն աւելի մինակ մնացած երկիրն է: Ապացոյց այն, որ ՄԱԿ-ի մէջ չորս քուէ ստացանք միայն»:

Պարզ եւ յստակ:

Բայց այսքան պարզ եւ յստակ ըլլալէ ետք, երբ թուրք լրագրողը պատճառներուն կ՛անցնի, կը դադրի ճշմարտախօս ըլլալէ: Հարցին շուրջ կը դեգերի: Լեզուն չ՛երթար բուն պատճառը ըսելու, երբ գիտէ, որ եթէ այսօր «Թուրքիա աշխարհի վրայ ամէնէն աւելի մինակ մնացած երկիրն է», անիկա անոր համար է, որ աշխարհի երեսին չի կրնար գտնուիլ երկիր մը, որ սրտի թեթեւութեամբ իր բարեկամութիւնը ցուցադրէ Թուրքիոյ հետ: Քաղաքական նկատումներով, կը պատահի, որ երկիրներ փնտռեն Թուրքիոյ «բարեկամութիւնը», բայց շատ լաւ գիտեն, թէ երբեք պիտի չկրնան արժեցնել այդ «բարեկամութիւնը» յաչս հանրային կարծիքին:

Թուրքիա չորս քուէ կը ստանայ ՄԱԿ-ի մէջ: Չենք կարծեր, որ Անգարա աւելիին յոյսը ունեցած ըլլայ երբեւիցէ, երբ ոեւէ մէկէն աւելի ինք գիտէ, թէ ինչո՛ւ երկիրներ կռնակ կը դարձնեն իրեն:

Մենք ալ գիտենք:

Ու գիտցողներուն թիւը հետզհետէ պիտի աւելնայ: Պիտի գայ ժամանակ մը, որ այդ չորսն ալ անկարելի թիւ մը պիտի ըլլայ Անգարայի համար:

Եւ պիտի սկսի սառուցեալ առանձնութիւնը, ուր պիտի չունենայ մինչեւ իսկ զղջալու առաքինութիւնը:

Մենք դարձեալ ներողամտութիւնը կը խնդրենք մեր ընթերցողներուն` վերի խորագրին համար:

Տ. Ո. 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Հալէպ, Հալէպի Մէջ, Հալէպէն Հեռու. Բաց Զրոյց` Ներսի Եւ Դուրսի Միջեւ (Գ.)

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.