Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Անգարայի մէջ մասնակցեցաւ Թուրքիոյ Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական Կուսակցութեան (HDP) Երրորդ Համագումարին

February 12, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կիրակի, 11 Փետրուար 2018֊ին, Անգարայի մէջ գումարուեցաւ Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական Կուսակցութեան (HDP) Երրորդ Համագումարը։ Ժողովը կը գումարուէր HDP֊ի համար ծանր պայմաններու մէջ։ Մէկ տարիէն աւելի է, որ ձերբակալուած են կուսակցութեան հազարաւոր գործիչներ, ներառեալ՝ կուսակցութեան երկու համանախագահները, Թուրքիոյ խորհրդարանին անդամ աւելի քան տասնեակ մը պատգամաւորներ եւ ժողովուրդին կողմէ ընտրուած բազմաթիւ գիւղապետեր։ Ժողովի նախօրէին եւս Թուրքիոյ իշխանութիւնները նոր ձերբակալութիւններ կատարեցին եւ կը խոչընդոտէին կարգ մը շրջաններէ պատգամաւորներու մասնակցութիւնը համագումարին։ HDP֊ի դէմ, փաստօրէն հակաքիւրտ այս համատարած հալածանքը տեղի կ՚ունենայ 2016֊ի Յուլիս 15֊ի ձախող յեղաշրջումի փորձէն ետք երկրին մէջ հաստատուած արտակարգ դրութեան կարելիութիւններէն օգտուելով՝ հակա֊ահաբեկչութեան պատրուակով, իսկ վերջին շրջանին նաեւ՝ թրքական բանակի Սուրիա ներխուժելու մթնոլորտին մէջ, ուր HDP֊ն խորհրդարանին մէջ ներկայացուած միակ կուսակցութիւնն է, որ դէմ հանդէս կու գայ այդ ներխուժումին։ Այդուհանդերձ, համագումարը տեղի ունեցաւ, մասնակցութեամբ երեսուներկու հազար կուսակցականներու (մեծ մասը՝ մարզասրահէն դուրս) եւ «Ինչ ալ ըլլայ՝ պիտի՛ յաղթենք» կարգախօսով։

Կարօ Փայլան, HDP֊ի համագումարի դիւանի անդամ

Համագումարի դիւանին մաս կը կազմէր HDP֊ի կողմէ Թուրքիոյ խորհրդարանի հայազգի անդամ Կարօ Փայլանը։ Համագումարին հրաւիրուած եւ ներկայ էին արտասահմանէն շարք մը կուսակցութիւններ, որոնց շարքին՝ Եւրոպական ընկերվարական կուսակցութեան (PES), Ֆրանսայէն, Յունաստանէն, Նորվեկիայէն, Իրաքէն, Գերմանիայէն, Իրլանտայէն, Պասքերու եւ այլ երկիրներէ զանազան կուսակցութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ եւրոերեսփոխաններ։ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը եւս մէկ ներկայացուցիչով մասնակցեցաւ համագումարին։ ՀՅԴ֊ն կը ներկայացնէր կուսակցութեան Միջազգային քարտուղարութեան անդամ Խաժակ Մկրտիչեանը։

HDP֊ի համագումարին մասնակից արտասահմանեան հիւրերը

ՀՅԴ մասնակցութիւնը HDP֊ի համագումարին զօրակցութեան արտայայտութիւն էր՝ ազատութեան եւ արդարութեան համար HDP֊ի մղած պայքարին։ HDP֊ի պատասխանատուները բարձր գնահատեցին արտասահմանէն բոլոր կուսակցութիւններու, ներառեալ՝ ՀՅԴ֊ի մասնակցութիւնը համագումարին. բոլոր մասնակից կուսակցութիւնները ներկայացուեցան համագումարին։

Համագումարի ընթացքին, խանդավառ մթնոլորտ կը ստեղծէր հայրենասիրական երաժշտութիւնը, որուն տակ մասնակիցներէն ոմանք երբեմն շուրջպար կը բռնէին։ Հնչեցին նաեւ հայերէն հայրենասիրական երգեր։

Համագումարի կարեւորագոյն պահերէն մէկն էր ձերբակալուած համանախագահներ՝ Սելահետտին Տեմիրթաշի եւ Ֆիկէն Եուքսքտաղի պատգամներու ընթերցումը։ Տեղի ունեցաւ նոր համանախագահներու (մէկ կին, մէկ տղամարդ) ընտրութիւնը. ընտրուեցան Փերւին Պուլտան (Pervin Buldan) եւ Սեզայ Թիմելլի (Sezai Temelli)։

HDP֊ի համագումարին, կուսակցութեան նորընտիր համանախագահ Սեզայ Թիմելլի եւ ՀՅԴ ներկայացուցիչ Խաժակ Մկրտիչեան

Համագումարին ՀՅԴ ներկայացուցիչ Խաժակ Մկրտիչեանը հանդիպումներ ունեցաւ HDP պատասխանատուներու եւ արտերկրէն մասնակից կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներու հետ։ Սեզայ Թիմելլիի ընտրութենէն ետք, Խ. Մկրտիչեանը շնորհաւորեց զինք։

ՀՅԴ եւ HDP անդամ են Ընկերվար միջազգայնականին (ԸՄ). վերջին տարիներուն, երկու կուսակցութիւններու բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ հանդիպումներ ունեցած են թէ՛ ԸՄ֊ի շրջանակներէն ներս, թէ՛ առանձնաբար՝ Հիւսիսային Ամերիկայի, Եւրոպայի եւ Թուրքիոյ մէջ։

ՀՅԴ ՀԱՆՐԱՅԻՆ ԿԱՊԵՐՈՒ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

Նախորդը

Ռեյտինգային համակարգը ժողովրդավարական չէ

Յաջորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.