
Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Լէոն Փանեթա յատարարեց, որ Իրանի հիւլէական կեդրոններուն դէմ զինուորական ուժ պէտք է կիրարկել միայն ծայրայեղ պարագային:
«Իրանի դէմ ռազմարշաւը կրնայ միայն յետաձգել այդ պետութեան հիւլէական ծրագիրը: Միեւնոյն ատեն անիկա շրջանին համար կրնայ անխուսափելի հետեւանքներ ունենալ», ըսաւ Փանեթա:


