Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանան Կը Դատապարտէ Իր Գերիշխանութեան Եւ Սուրիոյ Դէմ Գործուած Իսրայէլեան Ոտնձգութիւններն Ու Բռնարարքները

February 12, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն շաբաթ կէսօրին խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ քննարկեց Սուրիոյ դէմ իսրայէլեան յարձակումներուն վերաբերող մանրամասնութիւնները, ինչպէս նաեւ ապահովական այդ զարգացումներուն մասին տեղեկագիրներ ստացաւ պաշտպանութեան նախարար Եագուպ Սարրաֆէն եւ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունէն:

Արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ դատապարտեց իսրայէլեան օդուժին կողմէ Սուրիոյ ռմբակոծումը` հաստատելով, որ իսրայէլեան բռնարարքները կը սպառնան շրջանին կայունութեան:

Նշենք, որ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլի հրահանգով ՄԱԿ-ի մէջ Լիբանանի մնայուն ներկայացուցչութիւնը Ապահովութեան խորհուրդին մօտ բողոքեց Իսրայէլի դէմ` շեշտելով, որ Սուրիան ռմբակոծելու նպատակով Իսրայէլ լիբանանեան օդային սահմանները կ՛օգտագործէ:

Լիբանանի մնայուն ներկայացուցչութիւնը կը դատապարտէ իսրայէլեան բռնարարքներու քաղաքականութիւնը, որ ամբողջ շրջանի կայունութեան կը սպառնայ:

Իր կարգին, նախարար Սարրաֆ յայտնեց, որ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Մայքըլ Պերիին ըսած է, թէ Լիբանան կը մերժէ իր գերիշխանութեան դէմ գործուած իսրայէլեան մնայուն ոտնձգութիւնները, ինչպէս նաեւ Սուրիան ռմբակոծելու նպատակով լիբանանեան օդային սահմաններուն օգտագործումը:

Հակառակ այն իրականութեան, որ իսրայէլեան օդուժը շաբաթ առաւօտեան կանուխ ժամերէն մինչեւ յետմիջօրէ մնայուն կերպով թռիչքներ եւ կեղծ յարձակումներ գործեց հարաւային Լիբանանի վերեւ, այսուհանդերձ Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Ալի Ֆայեատ շեշտեց, որ հարաւային Լիբանանի սահմանամերձ շրջանին կացութիւնը մտահոգիչ չէ: Ան աւելցուց, որ հարաւային Լիբանանի գիւղաքաղաքներուն մէջ տօնական մթնոլորտ կը տիրէ սուրիական օդուժին կողմէ իսրայէլեան «Էֆ 16» տիպի հալածիչին վար առնուելուն առիթով:

Նախորդը

«Ճշգրիտ Ներկայացուցչութիւն Ապահովելու Նպատակով Պիտի Պայքարինք Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

Յաջորդը

«Երեւանն Ու Զանգեզուրը Ազրպէյճանի Պատմական Հողերն Են» Կ՛ըսէ Ալիեւ

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.