Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թէժացած Իրավիճակ Դամասկոսի Մէջ

February 12, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Դամասկոսի մէջ «Ազդակ»-ի թղթակիցը կը հաղորդէ, որ վերջին շրջանին ԻսրայԷլը նոր յարձակումներ իրականացուցած էր Դամասկոսի տարբեր արուարձաններուն մէջ գտնուող զինուորական կեդրոններու վրայ: Ըստ զինուորական աղբիւրներու, անմիջապէս սուրիական բանակի հակաօդային ուժերը հարուած հասցուցին իսրայէլեան օդուժին, պատերազմական մէկ օդանաւէ աւելի վար առնուեցաւ եւ ձախողութեան մատնուեցաւ այդ յարձակումը:

Իսկ Դամասկոսի մէջ անցնող շաբթուան ընթացքին բաւական թէժացած իրավիճակ կը տիրէր, Ղութայի եւ Ժոպարի շրջաններէն զինեալ ահաբեկիչներու կողմէ մայրաքաղաքի կեդրոնական թաղամասերուն եւ մանաւանդ արեւելեան շրջանին արձակուած հրթիռներու պատճառով: Արձանագրուած են մեծ թիւով զոհեր եւ վիրաւորներ, ինչպէս նաեւ վնասներ ստացած են բնակարանները եւ ինքնաշարժները:

Այդ թաղամասերուն մէջ գործող դպրոցները քանի մը օր փակուեցան ապահովական պայմաններուն պատճառով:

Նշենք, որ այդ շրջանը կ՛ընդգրկէ Թիժարա, Ապպասսիին, Պապ Թումա, Քասսա, Պապ Շարքի եւ Տուելաա թաղամասերը, ուր կը գտնուին մեծաթիւ դամասկահայերու բնակարաններ եւ վաճառատուներ:

Արձակուած հրթիռներուն պատճառով արձանագրուեցան երկու հայ վիրաւորներ, որոնք վիրաբուժական դարմանում կը ստանան, նաեւ վնասներ կրեցին կարգ մը դամասկահայերու բնակարանները եւ վաճառատուները:

Նշենք, որ կիրակի օր հրթիռարձակումի ենթարկուեցաւ նաեւ  Ժարամանայի շրջանը` պատճառելով վիրաւորներ ու վնասներ բնակարաններու եւ ինքնաշարժներու, նաեւ վնասուեցաւ Ազգային միացեալ վարժարանի փոխադրակառքը:

 

Նախորդը

«Պատասխանատուութենէ Զերծ Եղած Ժամանակները Նոյնիսկ, Ան Ինքզինք Պատասխանատու Կը Զգար»

Յաջորդը

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Կրօնական Ժողովի. Սրբոց Վարդանանց Զօրավարաց Տօնակատարութիւն

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ  Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ

October 30, 2026
ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին
Գաղութային

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին

October 28, 2026
ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.